• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Արամ Ա. Կիլիկիոյ Հայրապետը Կը Ցաւակցի Ֆրանսայի Նախագահին

16.11.2015   20:08

Անթիլիաս 14 Նոյեմբեր 2015
Նորին Վսեմութիւն
Ֆրանսուա Հոլլանտ
Նախագահ Ֆրանսայի Հանրապետութեան
Փարիզ

 

Յարգելի՛ Պրն. Նախագահ,

Խոր ցաւով ու ընդվզումով երէկ գիշեր հետեւեցանք Փարիզի ահաբեկչական դէպքերուն։ Արդարեւ հաւաքական ահաբեկչութեան, այլ խօսքով Ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ ժողովուրդն ու հայ եկեղեցին գոյութենական փորձառութեամբ գիտեն, թէ ինչ կը նշանակէ անմեղ մարդոց արիւնը թափել։ Ահաբեկչութիւնը համամարդկային չարիք մըն է, որուն դիմաց աշխարհի բոլոր կրօնները, մշակոյթները, քաղաքակրթութիւններն ու ազգերը կոչուած են հաւաքական կեցուածք որդեգրելու՝ զայն արմատախիլ ընելու մարդկային ընկերութենէն։

Կը դատապարտենք Փարիզի ոճիրը. կը բաժնենք Ձեր ցաւն ու ընդվզումը եւ կը զօրակցինք հայ ժողովուրդին երկար դարերու բարեկամ ու մարդկային գերագոյն արժէքներու հաւատարիմ ֆրանսացի ժողովուրդին։

Կ’աղօթենք ահաբեկչական արարքներուն զոհ գացած անմեղներու հոգիներուն համար եւ Մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնենք անոնց ընտանիքներուն։

 ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ
ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

 

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Լրատուութեան գործընկեր