Լիբանան Մասնակի Արգելափակումներու Կը Դիմէ Մինչեւ 10 Օգոստոս

Լիբանանի Խորհրդարանը երէկ հաստատեց առողջապահական ընդհանուր զօրաշարժի ժամանակամիջոցը որ երկարաձգուեցաւ մինչեւ 30 Օգոստոս: Այս բանին շարժառիթը անշուշտ քորոնա ժահրի նոր եւ վտանգաւոր ալիքն է, որ Լիբանան կը դիմագրաւէ:
Պաշտպանութեան բարձրագոյն խորհուրդը երէկ առաւօտուն կառավարութեան յանձնարարեց այս ութերորդ երկարաձգումը, որ առիթը կու տայ կառավարութեան արտակարգ միջոցներ ձեռք առնելու դիմագրաւելու համար քորոնա ժահրի ստեղծած վտանգը ազգային ապահովութեան վրայ:
Յառաջիկայ Հինգշաբթի օրուընէ սկսեալ Լիբանան պիտի սկսի գործի դնել միջոցառումներու նոր հանգրուան մը, որ պիտի պարտադրէ խումբերով ներկայութիւն ունեցող վայրերուն ամբողջական փակումը:
Այս մասնակի արգելափակումի միջոցառումը կը զուգադիպի Իսլամական Ատհա տօնին, որուն ընթացքին հաւատացեալներուն եւս պիտի արգիլուի կրօնական պաշտամունքի վայրեր յաճախել: Ճաշարաններն ու սրճարանները պիտի յաճախորդ հիւրընկալեն իրենց սովորական կարողութեան 50 առ հարիւր տարողութեամբ:
Մասնակի այս արգելափակումները պիտի տեւեն 30 Յուլիսէն մինչեւ 3 Օգոստոս: Որմէ յետոյ երկու օր դադարէ ետք պիտի շարունակուին 6 – 10 Օգոստոս:
Leave a Reply
Լրահոս
-
29.09.2020
Մեր Յաղթանակը Այլընտրանք Չունի. Յայտարարութիւն
-
16.09.2020
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Մտաւորական Ընկերներու Հետ
-
11.08.2020
Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ՝ Չարլզ Միշըլի Այցը Հաուըրտ Գարակէօզեան
-
11.08.2020
Հայաստան Հաստատուած Լիբանանահայերուն Ուշադրութեան
-
11.08.2020
Կառավարութիւնը Հրաժարեցաւ. Կը Մնայ Որ Խորհրդարանը Եւս Հրաժարի
-
10.08.2020
Ես Գիտեմ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Վեհափառ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Մամուլի
-
10.08.2020
Սեւրի Դաշնագրին 100րդ Տարեդարձին Առթիւ
-
10.08.2020
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սեւրի Դաշնագիր

