Կառավարութիւնը Կը Պատրաստուի Ելեկտրականութեան Ոլորտին Լուծումներ Գտնելու

Մինչ ներքին եւ միջազգային ճնշումները ամէն օր աւելի եւս կը սաստկանան, կառավարութեան վրայ, որպէսզի անյապաղ բարեփոխումներու ձեռնարկէ, կառավարութիւնը փորձեր կը կատարէ քայլեր առնելու այս ուղղութեամբ: Իր առաջին քայլը պիտի ըլլայ ելեկտրականութեան ոլորտի բարեփոխումներուն ձեռնարկել: Ոլորտ մը, որուն տնօրինման բարեփոխումը միջազգային նուիրատուներու եւ պարտատէրերու կարեւորագոյն պահանջն է: Նշենք, որ այս ոլորտը լիբանանի պետութեան պիւտճէին տարին 2 միլիառ տոլարի բաց կը ձգէ:
Նախարարաց խորհուրդը պիտի գումարուի Երեքշաբթի առաւօտեան ժամը 11ին Պաապտայի պալատին մէջ օրակարգ ունենալով ելեկտրականութիւնը: Օրակարգը կը գլխաւորէ պետական հաստատութիւն հանդիսացող ելեկտրական ընկերութեան տնօրէններու նոր խորհուրդ մը նշանակել: Վարչական տնօրինումներու հարցով տակաւին համախոհութիւն չկայ կողմերուն մէջ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը նշանակումներու մէջ իր բաժինը կը հետապնդէ:
Leave a Reply
Լրահոս
-
29.09.2020
Մեր Յաղթանակը Այլընտրանք Չունի. Յայտարարութիւն
-
16.09.2020
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Մտաւորական Ընկերներու Հետ
-
11.08.2020
Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ՝ Չարլզ Միշըլի Այցը Հաուըրտ Գարակէօզեան
-
11.08.2020
Հայաստան Հաստատուած Լիբանանահայերուն Ուշադրութեան
-
11.08.2020
Կառավարութիւնը Հրաժարեցաւ. Կը Մնայ Որ Խորհրդարանը Եւս Հրաժարի
-
10.08.2020
Ես Գիտեմ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Վեհափառ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Մամուլի
-
10.08.2020
Սեւրի Դաշնագրին 100րդ Տարեդարձին Առթիւ
-
10.08.2020
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սեւրի Դաշնագիր

