Լուր Մը Որ Վերնագրեց Բոլոր Լուրերը Եւ Իր Մէջ Ամփոփեց Երկրին Տխուր Իրավիճակը «Ես Անհաւատ Մը Չեմ…Անօթութիւնն Է Անաստուածը». Այս Խօսքով Քաղաքացի Մը Անձնասպան Եղաւ

Լիբանանցի քաղաքացի Ալի Մոհամմատ Ալ Հաք երէկ առաւօտ Պէյրութի Ալ Համրա փողոցին վրայ կրակ բացաւ ինքն իր վրայ ու տեղւոյն վրայ մահացաւ։ Կը նշուի, որ քաղաքացին յուսահատ եւ հիսաթափ էր երկրին մէջ տիրող ընկերային-տնտեսական ծանր իրավիճակէն եւ որպէս արտայայտութիւն իր բողոքին անձնասպանութեան դէպքի վայրին ճիշդ կողքը տեղադրած էր պաստառ մը վրան գրուած՝ «Ես անհաւատ մը չեմ…»: 61-ամեայ Ալի Մոհամմէտը, դատական- կառավարական ոչ մէկ խնդիր ունէր եւ իր բողոքի թուղթին կցած էր իրաւապահ մարմիններու կողմէ իրեն տրուած «անպարտութեան» վաւերագիր։
Արդարեւ վերջին ամիսներուն Լիբանանի մէջ տիրող ծանր դրութեան հետեւանքով անձնասպանութեան դէպքերը մեծ աճ գրանցած են։
Դէպքէն անմիջապէս ետք շրջան հասան բողոքի ցոյցերուն մասնակցող քաղաքացիներ, որոնք մեծ ցասումով անդրադարձան եղածին:
Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը
Leave a Reply
Լրահոս
-
29.09.2020
Մեր Յաղթանակը Այլընտրանք Չունի. Յայտարարութիւն
-
16.09.2020
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Մտաւորական Ընկերներու Հետ
-
11.08.2020
Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ՝ Չարլզ Միշըլի Այցը Հաուըրտ Գարակէօզեան
-
11.08.2020
Հայաստան Հաստատուած Լիբանանահայերուն Ուշադրութեան
-
11.08.2020
Կառավարութիւնը Հրաժարեցաւ. Կը Մնայ Որ Խորհրդարանը Եւս Հրաժարի
-
10.08.2020
Ես Գիտեմ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Վեհափառ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Մամուլի
-
10.08.2020
Սեւրի Դաշնագրին 100րդ Տարեդարձին Առթիւ
-
10.08.2020
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սեւրի Դաշնագիր

