• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Ըստ Նասրալլայի Ամերիկեան Պատժամիջոցները Կը Միտին Լիբանանն ու Սուրիան Սովամահ Ընել

17.06.2020   09:01

Հըզպալլայի առաջնորդ Հասան Նասրալլա հեռասփռուած ելոյթի մը ընթացքին երէկ ըսաւ, որ ամերիկեան նոր պատժամիջոցները կը միտին սովամահ ընել լիբանանցիները: Ան շեշտեց, որ իր կազմակերպութիւնը պիտի չընկրկի ամերիկեան վերջին արարքներուն դիմաց:

«Կայսեր Քաղաքացիական Պաշտպանութեան Օրէնք անուամբ պատժամիջոցները կը միտին Լիբանանն ալ սովամահ ընել ինչպէս, որ Սուրիան» շեշտեց ան:

Նասրալլայի յայտարարութիւնը եկաւ վերոյիշեալ պատժամիջոցներու կիրառումէն օր մը առաջ:

«Անոնք (ամերիկացիները -խմբ.) կը փորձեն մեզի մղել այնպիսի իրավիճակի ուր մենք մեր զէնքերը պէտք է զիջինք հացի դիմաց: Մենք այս առեւտուրը պիտի չընդունինք» եզրափակեց Նասրալլան:

 

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Լրատուութեան գործընկեր