Միացեալ Նահանգներու Միջազգային Զարգացման Գործակալութենէն Յաւելեալ 19 Միլիոն Նպաստ՝ Հայաստանին

Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան եւ Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմին միջեւ ստորագրուեցաւ «Աւելի մասնակցային, արդիւնաւէտ եւ հաշուետու կառավարման զարգացման ուղղուած համագործակցութեան համաձայնագիր»ի փոփոխութիւնը, որուն համաձայն, համաձայնագիրով տրամադրուող օժանդակութիւնը աւելցաւ 11․5 միլիոն ամերիկեան տոլարով:
Այս փոփոխութեամբ 2013-ին ստորագրուած համաձայնագիրով յատկացուող օժանդակութեան ընդհանուր գումարը դարձաւ 51․4 միլիոն տոլար: Համաձայնագիրը կը միտի աջակցիլ ժողովրդավարական կառավարման բարեփոխումներուն:
Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան օժանդակութիւնը նաեւ կ՛ուղղուի քաղաքացիական հասարակութեան եւ տեղեկատուական ծրագիրներու, որոնք կը բարձրացնեն քաղաքացիական աշխուժութիւնը եւ իրազեկութեան մակարդակը ու կը խթանեն տեղեկատուութեան բազմազան եւ առարկայական աղբիւրներու հասանելիութիւնը` առանձնակի շեշտադրելով տեղեկատուական գրագիտութիւնը:
Նաեւ, Հայաստանի տնտեսութեան նախարարութեան հետ ստորագրուած համաձայնութեամբ՝ որոշուեցաւ 7․5 միլիոն տոլարի յաւելեալ նպաստ տրամադրել համակողմանի տնտեսական աճ ապահովելու, աւելի բարենպաստ գործարար միջավայր ստեղծելու եւ տնտեսութիւնը աւելի մրցունակ դաձնելու ջանքերուն, այսպէսով, 2010ին ստորագրուած համաձայնագիրով յատկացուող օժանդակութեան ընդհանուր գումարը դարձաւ 91․8 միլիոն տոլար։
Leave a Reply
Լրահոս
-
29.09.2020
Մեր Յաղթանակը Այլընտրանք Չունի. Յայտարարութիւն
-
16.09.2020
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Մտաւորական Ընկերներու Հետ
-
11.08.2020
Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ՝ Չարլզ Միշըլի Այցը Հաուըրտ Գարակէօզեան
-
11.08.2020
Հայաստան Հաստատուած Լիբանանահայերուն Ուշադրութեան
-
11.08.2020
Կառավարութիւնը Հրաժարեցաւ. Կը Մնայ Որ Խորհրդարանը Եւս Հրաժարի
-
10.08.2020
Ես Գիտեմ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Վեհափառ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Մամուլի
-
10.08.2020
Սեւրի Դաշնագրին 100րդ Տարեդարձին Առթիւ
-
10.08.2020
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սեւրի Դաշնագիր

