• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Լիբանան Դէմ Յանդիման Քորոնա Ժահրի Անվերահսկելի Տարածման Հետ

11.05.2020   09:14

Լիբանանի տարածքին քորոնա ժահրով վարակուած 36 հիւանդներ արձանագրուեցան երէկ: Այս համեմատաբար բարձր թիւը մտահոգութիւն պատճառեց կարգ մը մասնագէտներու, որոնք զգուշացուցին վարակի երկրորդ ալիքէ մը, որ հաւանական է եթէ պետութիւնը պէտք եղած միջոցներուն չձեռնարկէ:

Այս նոր թիւով, Լիբանանի մէջ վարակուածներու ընդհանուր թիւը հասաւ 845-ի:

Նոր գրանցուածներուն 23-ը տեղական վարակ են իսկ 13-ը՝ Լիբանան նոր վերադարձած քաղաքացիներուն շարքերէն:

Նշենք, որ վարակուողներու թիւը անցեալ Հինգշաբթի օրուընէ սկսեալ յարատեւ աճ կ՛արձանագրէ:

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Լրատուութեան գործընկեր