• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Աֆէեանի Ընկերութեան Պատրաստած Պատուաստանիւթը Հետազօտման 2-րդ Փուլին Անցնելու Արտօնութիւն Ստացած է

11.05.2020   09:18

ԱՄՆ սնունդի եւ դեղորայքի վերահսկողութեան գերատեսչութիւնը (FDA) թոյլատրած է ամերիկահայ գործարար Մուպար Աֆէեանի Moderna Therapeutics ընկերութեան անցնիլ իր պատուաստանիւթի հետազօտման երկրորդ փուլին:

Ան շուտով պիտի մեկնարկէ: MRNA-1273 պատուաստանիւթը առաջինն է, որ ստացած է թոյլտւութիւն ամերիկեան հիւանդանոցներու մէջ փորձարկումներ ընելու համար: Ընկերութիւնը կը տեղեկացնէ, որ հետազօտման 3-րդ փուլը նախատեսուած է սկսիլ ամրան սկիզբը, կը գրէ «Ամերիկայի ձայնը»:

Պատուաստանիւթի պատրաստման ուղղութեամբ աշխատանք կը տանին նաեւ այլ ընկերութիւններ: Օրերս Pfizer եւ BioNTech ընկերութիւնները յայտարարեցին, որ Մայիս 5-էն հիւանդանոցներուն պիտի տրամադրեն պատուաստանիւթեր` փորձարկումներու համար:

Ամերիկեան ու գերմանական այս ընկերութիւններ կ՛ըսեն, որ եթէ պատուաստանիւթը յաջողութեամբ անցնի փորձարկումները, ապա հնարաւոր է` անիկա պատրաստ ըլլայ մինչեւ տարեվերջ Միացեալ Նահանգներու մէջ լայն տարածման համար` շրջանցելով քանի մը տարուան պատուաստանիւթի զարգացման բնորոշ ժամանակացոյցը: Բարեյաջող ընթացքի պարագային 2021-ին հնարաւոր պիտի ըլլայ կազմակերպել պատուաստանիւթի հարիւր միլիոններու հասնող արտադրութիւնը:

Ընկերութիւնները յոյս ունին, որ Միացեալ Նահանգներու սնունդի եւ դեղորայքի վերահսկողութեամբ զբաղած գերատեսչութիւնը հնարաւորին չափ շուտ կը տրամադրէ թոյլտւութիւն սկսելու համար Մի, որոնց համաձայնած է մասնակցիլ մօտ 360 մարդ տարբեր տարիքային խումբերէ:

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Լրատուութեան գործընկեր