• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Լիբանանի Մէջ 12 Նոր Վարակակիր

09.05.2020   10:04

Մինչ Լիբանանի կառավարութեան խարխափումը կը շարունակուի եւ իշխանութիւն-ընդդիմութիւն վիհը կը խորանայ: Մինչ կառավարութեան անդամները առանց համակարգումի կը գործեն՝ առողջապահութեան նախարարութիւնը մտահոգ է քորոնա ժահրով եւ կոչ կ՛ուղղէ ժողովուրդին մնալ զգոյշ, ներքին ապահովութեան մարմինները առողջական արտահերթ իրավիճակը կ՛երկարաձգեն,  կրթութեան նախարարը շուտով դպրոցները բանալու հաստատումներ կ՛ընէ…: Լիբանանցի ժողովուրդը շփոթած եւ անճար է երկրին մէջ ստեղծուած անլուծելի թնճուկներու դիմաց:

Մինչ այդ, «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու  թիւը Լիբանանի մէջ հասաւ 796-ի, երբ 12  պարագաներ գրանցուեցան, որոնց    վեցը  Լիբանան  հասած էին արտասահմանէն։ «Քորոնա»ի հետեւանքով  մահուան պարագայ մըն ալ արձանագրուեցաւ երէկ:

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Լրատուութեան գործընկեր