• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Զգոյշ Լաւատեսութիւն Մը Կը Տիրէ Երկրին Մէջ Քորոնա Ժահրի Առնչութեամբ

06.05.2020   08:42

Լիբանանի մէջ  երէկ տեղական փոխանցումով վարակակիրներ չարձանագրուեցան: Միակ վարակակիրը, որ գրանցուեցաւ երէկ դուրսէն եկող լիբանանցի մըն էր:

Այս ձեւով Լիբանանի մէջ վարակուածներու ընդհանուր թիւը հասաւ 741ի:

Հակառակ այս դրական իրավիճակին, զգուշաւորութիւնը կարեւոր սեպելով եւ կանխելու համար վարակակիրներու մեծաթիւ գրանցումի վերադարձը, Լիբանանի կառավարութիւնը յարմար նկատեց արտակարգ իրավիճակը երկարաձգել եւս երկու շաբաթով՝ մինչեւ 24 Մայիս:

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Լրատուութեան գործընկեր