• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Ամերիկայի Մէջ Զոհերուն Թիւը Անցաւ 23 000-ը

15.04.2020   08:40

ԱՄՆ-ի մէջ նոր տեսակի «Քորոնա» ժահրի հետեւանքով զոհերու թիւը գերազանցած է 23 հազարը: Այս մասին յայտնեց «Արեւելք»  վկայակոչելով «Ռիա նովոսթի»-ն, որ յղում տուած էր Ճոնս Հոփքինզի համալսարանի տուեալներուն:

Նշուած է, որ հաշուի առնուած են «Քորոնա» ժահրէն մահուան վերաբերեալ դաշնային եւ տեղական աղբիւրներու տուեալները:

Ընդհանուր առմամբ գրանցուած է վարակման 568 176 դէպք, 23 070 մարդ մահացած է: Ե՛ւ վարակումներու, ե՛ւ մահուան ցուցանիշով ԱՄՆ-ն ամբողջ աշխարհի մէջ առաջին տեղը կը գրաւէ, հակառակ որ մահացողներու թիւը վերջին 3 օրերուն նուազում կ՛արձանագրէ:

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Լրատուութեան գործընկեր