Ժոմպլաթ Նասրալլային Կոչ Կ՝ընէ Ալէյի Հետաքննութեան Սպասելու

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ կոչ ուղղեց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար Հասան Նասրալլային՝ Ալէյի բախումներուն համար նախքան Դատական խորհուրդին դիմելը՝ սպասելու հետաքննութեան արդիւնքներուն։
«Զարմացած եմ, թէ ինչպէս Նասրալլան իր դատավճիռը տուաւ՝ շրջանցելով դատական հետաքննութիւնները,- ըսաւ Ժոմպլաթ եւ ընդգծեց,- Յարգելով Նասրալլայի տեղեկութիւնը՝ խորհուրդ կու տամ իրեն սպասելու հետաքննութեան արդիւնքներուն, գիտնալու համար անհրաժեշտ է Դատակա՞ն խորհուրդի կամ ինուորական դատարանը»։
Նշենք, որ նախորդ Ուրբաթ օր Նասրալլա յայտնած էր, թէ ինք աջակցած էր Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Թալալ Արսլանի պահանջին՝ դիմելու Դատական խորհուրդ, որ երկրի բարձրագոյն ատեանն է։
«Եթէ խնդիր ունինք եւ կ՝ուզենք հակադրուիլ մէկուն ուղղակիօրէն կ՝ընենք։ Եթէ Հըզպալլան խնդիր մը ունենայ, պիտի հակադրուի ձեզի ուղղակիօրէն եւ ոեւէ դաշնակիցի ետին պիտի չպահուի։ Մենք ատիկա ընելու ուժը ունինք»,- ըսաւ Նասրալլա՝ ակնարկելով Ժոմպլաթը, որ Հըզպալլայի աջակցութիւնը Արսլանին կը տեսնէ իբրեւ վնաս տիւրզի առաջնորդի դիրքին։
Նշենք, որ գործին ուղղորդումը Դատական խորհուրդին՝ կառավարութեան հանդիպման ժամանակ եղած է գագաթնակէտային արգելափակում մը:
Կառավարութիւնը շաբաթներ շարունակ չէր հանդիպեր՝ խուսափելու համար նախարարներու մէջ նախատեսուող խնդիրներէն։
Ան (կառավարութիւնը) տակաւին կրնայ քուէարկել գործը դատական խորհուրդ ուղարկելու համար։
Leave a Reply
Լրահոս
-
29.09.2020
Մեր Յաղթանակը Այլընտրանք Չունի. Յայտարարութիւն
-
16.09.2020
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Մտաւորական Ընկերներու Հետ
-
11.08.2020
Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ՝ Չարլզ Միշըլի Այցը Հաուըրտ Գարակէօզեան
-
11.08.2020
Հայաստան Հաստատուած Լիբանանահայերուն Ուշադրութեան
-
11.08.2020
Կառավարութիւնը Հրաժարեցաւ. Կը Մնայ Որ Խորհրդարանը Եւս Հրաժարի
-
10.08.2020
Ես Գիտեմ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Վեհափառ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Մամուլի
-
10.08.2020
Սեւրի Դաշնագրին 100րդ Տարեդարձին Առթիւ
-
10.08.2020
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սեւրի Դաշնագիր

