• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Ժաաժաա Կը Զգուշացնէ

27.07.2019   09:14

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան առաջնորդ Ուալիտ Ժոմլպաթ պէտք է զգուշանայ Քապըր Շմունի հարցէն, որ կը վերաբերի դատական խորհուրդին։ Այս մասին ըսաւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան առաջնորդ Սամիր Ժաաժաա։

Ան զգուշացուց, որ Ալէյի միջադէպին հետաքննութիւնը դատական խորհուրդին յանձնարարելը «նպատակ ունի վնասելու Ուալիտ Ժոմպլաթը»։

Լիբանանեան ուժերու առաջնորդին խօսքերը կը վերաբերին 30 Յունիսին Քապըր Շմունի միջադէպին, որուն զոհ գնաց երկու հոգի եւ չորս ուրիշներ վիրաւորուեցան։

Դէպքէն ետք՝ Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ Թալալ Արսլան պնդած էր, որ հարցին քննութիւնը ստանձնէ դատական խորհուրդը, որ զգայուն հարցեր վարելու մասնագիտացած դատարան է։

Այդ նոյն դատարանն էր, որ Ժաաժաաը մեղաւոր համարեց տարբեր հարցերու մէջ։

Ըստ Ժաաժաաի Սայտէթ Ալ Նաժաբթ եկեղեցւոյ հարցը «ինքզինք կը կրկնէ», այս անգամ թիրախ դարձնելով Ժոմպլաթը։

«Ժոմպլաթ ճիշդ կ՝ընէ, որ մտահոգուի հարցին դատական խորհուրդ երթալով»,- ըսաւ Ժաաժաա՝ հաշուի առնելով, որ իրականութեան մէջ հարցը պէտք է հետաքննէ արդարադատութեան նախարար Ալպերթ Սըրհան, որ Ազգային Ազատ հոսանքի անդամ է, Արսլանի դաշնակիցը եւ Ժոմպլաթի մրցակիցը։

Ժաաժաա ցաւ կը զգայ կառավարութեան գործունէութեան կասեցման համար՝ նշելով, որ «անունդունելի է կառավարութեան գործունէութեան կասեցումը քաղաքական պատճառնելով, մինչ երկիրը կարիք ունի կառավարութեան անմիջական աշխատանքին»։

Ան կոչ ըրաւ Հարիրիին եւ նախագահ Միշել Աունին՝ ամէն գնով վերսկսելու կառավարութեան գործունէութիւնը։

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Լրատուութեան գործընկեր