• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Քաղաքապետարանները Քոսթա Պրավայի Համար Կառավարութեան 1 Ամիս Ժամանակ Տուին

26.07.2019   08:49

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Պէյրութի հարաւային արուարձաններու քաղաքապետութիւնները, Հինգշաբթի, կանխեցին մայրաքաղաքի շրջակայքը աղբակոյտ թափելը՝ կառավարութեան տալով մէկ ամիս ժամանակ, Քոսթա Պրավայի աղբավայրին փոխարէն այլընտրանքային վայր գտնելու համար:

Հարաւային արուարձաններու քաղաքապետարաններու միութիւնը Չորեքշաբթի աղբատար մեքենաներուն արգիլած էր մտնել նշեալ տարածք՝ հաշուի առնելով, որ 10 Յուլիսին պայմանաւորուած տասը օրը աւարտած էր։ 

Հինգշաբթի, աղբակոյտին համար նախատեսուած վայրին մէջ կայացած ասուլիսի մը ընթացքին՝ միութեան նախագահ Մոհամմատ Տըրղամ յայտնեց, թէ միութիւնը մէկ ամիս եւս պիտի արտօնէ տարածքին մէջ աղբ թափելը՝ կառավարութեան ժամանակ տալով հարցին լուծում գտնելու։ Տըրղամ նախօրէին հանդիպած էր վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ այլ նախարարներու հետ, որոնք մէկ ամիս ժամանակ խնդրած էին։ 

Շուէյֆաթի քաղաքապետարանի ներկայացուցիչը յայտնեց, թէ իրենք կառավարութենէն պահանջած են յստակ ծրագիր աղբավայրերու յետագայ վիճակին մասին։

«Անոնք մէկ ամիս ունին: Եթե աղբավայրի համար այլ տարածք չգտնուի, մենք կրկին պիտի յայտնուինք ներկայ իրավիճակին մէջ»,- ըսաւ ան:

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Լրատուութեան գործընկեր