Պըրրի. Սահմանային Բանակցութիւնները Սկսելու Համար Մնացած է Միայն Մէկ Հարց

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Միակ հարցը, որ մնացած է մինչ Լիբանան կը համաձայնի մասնակցելու Իսրայէլի հետ սահմանագծման բանակցութիւններուն՝ միասնաբար քննարկելն է թէ՛ հողային եւ թէ՛ ծովային սահմանները։ Այս մասին խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին յայտնեց օրէնսդիրներուն։
Ըստ այդ օրէնսդիրներէն երեսփոխան Ալի Պազիի՝ Պըրրի յայտնեց, թէ երկու երկիրներուն միջեւ քննարկումներու վերսկսման համար եղած են դրական զարգացումներ:
Իր հերթին, Իսրայէլի ուժանիւթի նախարար Եուվալ Շթէյնիթց Reuters-ին յայտնեց. «Մենք տակաւին կը սպասենք վերջնական արդիւնքի հասնելուն… Մենք յայտնեցինք մեր պատրաստակամութիւնը։ Իրականութեան մէջ, լիբանանցիներն են, որ պիտի որոշեն, արդեօք լո՞ւրջ են, թէ՝ ոչ»:
Նշենք, որ Լիբանան կը փորձէր լուծում մը գտնել Իսրայէլի հետ սահմանային վէճի հարցով, քանի որ ան կը պատրաստուի տարեվերջին քարիւղի եւ կազի հետախուզում սկսելու` Միջերկրական ծովի այն հատուածներուն վրայ, որոնք իր վերահսկողութեան տակ են։
Յիշեցնենք նաեւ, որ մօտաւորապէս 856 քռկ. քլմ. ջրային տարածք մը կը վիճարկուի երկու երկիրներուն միջեւ։
Leave a Reply
Լրահոս
-
29.09.2020
Մեր Յաղթանակը Այլընտրանք Չունի. Յայտարարութիւն
-
16.09.2020
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Մտաւորական Ընկերներու Հետ
-
11.08.2020
Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ՝ Չարլզ Միշըլի Այցը Հաուըրտ Գարակէօզեան
-
11.08.2020
Հայաստան Հաստատուած Լիբանանահայերուն Ուշադրութեան
-
11.08.2020
Կառավարութիւնը Հրաժարեցաւ. Կը Մնայ Որ Խորհրդարանը Եւս Հրաժարի
-
10.08.2020
Ես Գիտեմ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Վեհափառ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Մամուլի
-
10.08.2020
Սեւրի Դաշնագրին 100րդ Տարեդարձին Առթիւ
-
10.08.2020
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սեւրի Դաշնագիր

