• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Պետական Նախարար. Աղբահանութեան Խնդիրներուն Լուծում Տրուած է

25.07.2019   09:51

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Կառավարութեան անդամները Չորեքշաբթի համաձայնութեան եկան ճանապարհային քարտէսի մը, որ առնչուած է երկրի աղբահանութեան հետ։ Խորհրդարանի հարցերու պետական նախարար Մահմուտ Քմաթի յայտնեց, թէ ճանապարհային քարտէսը կը ներառէ կարճաժամկէտ եւ երկարաժամկէտ լուծումներ։ 

Քմաթի նշեց, թէ երկարաժամկէտ լուծման վերաբերեալ մանրամասնութիւնները պիտի յայտարարուին աւելի ուշ։

Համաձայնութիւնը եղած էր Չորեքշաբթի իրականացած հանդիպման, որուն կը մասնակցէին նաեւ վարչապետ Հարիրի, Ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ, Շրջակայ միջավայրի նախարար Ֆետի Ժրէյսաթի, կարգ մը քաղաքապետեր եւ քաղաքապետարաններու միութեան նախագահ Մոհամմատ Տըրղամ։

Խօսելով կարճաժամկէտ լուծումներուն մասին՝ Հարեթ Հրէյքի քաղաքապետ Զիատ Ուաքետ յայտնեց, թէ անոնցմէ մէկը իւրաքանչիւր շրջանի համար աղբավայր մը տրամադրելն է, ուր պիտի հաւաքուին նշեալ տարածքի թափօնները։

10 Յուլիսին կայացած ասուլիսի մը ընթացքին՝ Տըրղամ յայտնած էր, թէ քաղաքապետարանները պիտի արգիլեն աղբատար մեքենաներուն մուտքը Պէյրութի օդակայանին մօտ գտնուող Քոսթա Պրավայի տարածք, եթէ տասը օրուան ընթացքին լուծում չտրուի աղբահանութեան խնդիրին։

Ուաքետ նաեւ յայտնեց, թէ քաղաքապետարաններու միութիւնը Չորեքշաբթի արդէն իսկ սկսաւ արգիլել աղբատար մեքենաներուն մուտքը նշեալ տարածք։ Ան նշեց, թէ քաղաքապետերը աւելի ուշ պիտի որոշեն՝ ընդունի՞լ հանդիպման ընթացքին համաձայնեցուած լուծումը, կամ Քոսթա Պրավայի տարածքը շարունակեն փակ պահել։

Նշենք, որ Քոսթա Պրավայի տարածքը ստեղծուած էր 2016-ին, իբրեւ մէկ մասը արտակարգ թափօններու կառավարման ծրագիրին։

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Լրատուութեան գործընկեր