• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Թուրքիան Նախատեսած է 80 Հազար Փախստական Արտաքսել Երկրէն

25.07.2019   10:02

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ -Թուրքիոյ ներքին գործերու նախարար Սուլէյման Սոյլուն հանդէս եկած է Թուրքիոյ մէջ հաստատուած փախստականներու վերաբերեալ յայտարարութեամբ:

Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես», յայտնած է թրքական «Demokrathaber» լրատուամիջոցը:

«Անցեալ տարի, ընդհանուր առմամբ, 56 հազար ապօրինի գաղթական արտաքսած ենք երկրէն: Այս տարի նախատեսած ենք արտաքսել 80 հազար գաղթական, ինչը նախորդ տարուայ ցուցանիշի համեմատ՝ մօտաւորապէս 40-50 տոկոս բարձր է: Ստիպուած ենք նման քայլի դիմելու»,- նշած է ան:

Ապա Սոյլուն խօսած է վերջին տարիներուն Թուրքիոյ կողմէ երկիր մուտք գործելու ցանկութիւն յայտնած  փախստականներուն նկատմամբ կիրառուած արգելքներու ցուցանիշներուն մասին:

«Միայն 2016 թուականին Թուրքիոյ հարաւային եւ արեւելեան սահմաններն անցնիլը արգիլուած է 729 հազար 340 փախստականի: Իսկ 2018 թուականի ցուցանիշը եղած է 547 հազար 857: 2019 թուականին մինչ օրս 167 հազար 874 փախստականի թոյլ չէ տրուած հատել Թուրքիոյ սահմանը»,- յայտնած է նախարարը:

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Լրատուութեան գործընկեր