• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Յայտնի է Մեծ Բրիտանիոյ Նոր Վարչապետի Անունը

24.07.2019   01:56

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Պորիս Ճոնսըն կը գլխաւորէ Մեծ Բրիտանիոյ Պահպանողականներու կուսակցութիւնը: Յուլիս 24-ին Լոնտոնի նախկին քաղաքապետ ու երկրի նախկին արտգործնախարար Ճոնսըն կը դառնայ Միացեալ Թագաւորութեան նոր վարչապետ:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»՝ վկայակոչելով բրիտանական լրատուամիջոցները, կառավարութեան ղեկավարի պաշտօնը լքող Թերեզա Մէյն արդէն շնորհաւորած է Ճոնսընը՝ իշխող կուսակցութեան ղեկը ստանձնելու առիթով:

Պորիս Ճոնսընի օգտին քուէարկած է Պահպանողական կուսակցութեան 92 հազար 153 շարքային անդամ, իսկ անոր մրցակիցի՝ Ճերեմի Հանթի օգտին՝ 45 հազար 656: Ճոնսըն կառավարութեան նիստը առաջին անգամ պիտի վարէ Յուլիս 25-ին:

 

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Լրատուութեան գործընկեր