Քապըր Շմունի Միջադէպի Թղթածրարը Զինուորական Դատարան Փոխանցուեցաւ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Ալէյի միջադէպը, որ մօտ մէկ ամիս անդամալուծեց Կառավարութիւնը, փոխանցուած է Զինուորական դատարան։ Այս մասին յայտնեց դատական աղբիւր մը։
Ներքին անվտանգութեան ուժերու տեղեկատուութեան բաժնի իրականացուցած հետաքննութեան աւարտէն ետք՝ անցեալ ամսուան Ալէյի Քապըր Շմունի մէջ տեղի ունեցած մահացու բախումներուն վերաբերող գործը պիտի քննարկուի զինուորական դատարանի դատախազութեան կողմէ: Դատարանը որոշում պիտի կայացնէ, եթէ պէտք է քրէական հետապնդում իրականացնել այն չորս տղամարդոց հանդէպ, որոնք մինչ օրս ձերբակալուած են:
Մինչ գործը տեղափոխուած է զինուորական դատարան, Կառավարութիւնը կրնայ որոշում կայացնել զայն ուղղելու դատական խորհուրդ՝ բարձրագոյն դատարան, որ անվտանգութեան շատ զգայուն դէպքեր վարելու փորձ ունի:
Նշենք, որ միջադէպին հետ կապուած լարուածութիւնը մօտ մէկ ամիս արգելք հանդիսացաւ Կառավարութեան նիստերու գումարումին, հակառակ ընդհանուր անվտանգութեան ղեկավար Ապպաս Իպրահիմի միջնորդական փորձերուն եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի ջանքերուն, որոնք միտուած էին լարուածութիւնը թեթեւցնելուն:
Leave a Reply
Լրահոս
-
29.09.2020
Մեր Յաղթանակը Այլընտրանք Չունի. Յայտարարութիւն
-
16.09.2020
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Մտաւորական Ընկերներու Հետ
-
11.08.2020
Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ՝ Չարլզ Միշըլի Այցը Հաուըրտ Գարակէօզեան
-
11.08.2020
Հայաստան Հաստատուած Լիբանանահայերուն Ուշադրութեան
-
11.08.2020
Կառավարութիւնը Հրաժարեցաւ. Կը Մնայ Որ Խորհրդարանը Եւս Հրաժարի
-
10.08.2020
Ես Գիտեմ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Վեհափառ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Մամուլի
-
10.08.2020
Սեւրի Դաշնագրին 100րդ Տարեդարձին Առթիւ
-
10.08.2020
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սեւրի Դաշնագիր

