• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Համաս. Պըրրին Պէտք է Պաղեստինցիները Պաշտպանէ Աշխատանքային Ճնշումներէն

23.07.2019   09:16

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Համաս շարժման առաջնորդ Իսմայիլ Հաննիէն կոչ ըրած է Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիին պաշտպանելու Լիբանան գտնուող պաղեստինցի գաղթականները՝ Աշխատանքի նախարարութեան վերջին ճնշումներէն, որոնք ուղղուած են աշխատանքի արտօնութիւն չունեցող օտարահպատակ աշխատողներուն։

«Մենք անհամբեր կը սպասենք Ձեզ (Պըրրի) միջամտելու, որպէսզի այդ քայլերը դադրեցուին եւ պաղեստինցի աշխատողները ապրին արժանապատուօրէն»,- Հաննիէ գրած է Պըրիին ուղղուած նամակին մէջ:

Քանի մը շաբաթ առաջ, Լիբանանի օտարահպատակ աշխատողներուն համար տրամադրուած օրինական արտօնութիւններուն ժամանակը աւարտեցաւ: Այդ ժամանակէն ի վեր Աշխատանքի նախարարութիւնը սկսաւ աւելի խստութեամբ կիրառութեան դնել այնպիսի օրէնք մը, որ աշխատանքի արտօնութիւն պիտի պահանջէ ոչ լիբանանեան բանուորներու համար: Ասիկա պիտի ազդէ նաեւ Լիբանանի մէջ բնակող պաղեստինցիներուն, որոնք օրինականօրէն կը համարուին լուրջ աշխատողներ՝ երկար տարիներ ապրելով Լիբանանի մէջ:

Նշենք, որ 2012-ին Աշխատանքի միջազգային կազմակերպութիւնը պարզած էր, որ Լիբանանի պաղեստինցիներուն միայն 2 տոկոսը աշխատանքի արտօնութիւն ստացած է:

Անցեալ շաբաթ Աշխատանքի նախարարութիւնը ստուգումներ սկսելէ ետք յայտնաբերած էր 600 խախտում:

Աշխատանքի նախարարութեան ճնշումները շարունակուեցան նաեւ Երկուշաբթի, երբ Ներքին անվտանգութեան ուժերուն ուղեկցող խումբերը շրջեցան Լիբանանի 10 տարբեր շրջաններ՝ այցելելով 91 հաստատութիւններ եւ խանութներ:

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Լրատուութեան գործընկեր