• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Թրամփ Ծերակոյտի Դեմոկրատներու Առաջնորդին Հետ Պիտի Քննարկէ Գաղթականներուն Հետ առնչուող Իրադրութիւնը

23.07.2019   09:27

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –ԱՄՆ-ի նախագահ Տոնալտ Թրամփ Յուլիս 21-ին յայտարարած Է, որ ինք մտադիր Է հանդիպում ունենալ ԱՄՆ-ի Քոնկրէսի ծերակոյտի դեմոկրատական փոքրամասնութեան առաջնորդ Չաք Շումերի (Նիւ Եորքի նահանգ) հետ Մեքսիքի հետ սահմանին գաղթականներուն հետ առնչուած իրադրութեան առիթով, կը տեղեկացնԷ «Արմէնփրես»:

«Ծերակուտական Շումերը եւ որոշ այլ դեմոկրատ ծերակուտականներ վերջապէս այցելած են հարաւային սահման: Ատիկա հիանալի Է: (…) Ան ըսած Է, որ կ’ուզէ հանդիպիլ: Ես հանդիպում կը նշանակեմ հնարաւորինս շուտ»,- գրած Է Թրամփ Twitter-ի՝ իր Էջին: Յունիսի վերջը Թրամփ նախազգուշացուցած Է, որ Միացեալ Նահանգներու իրաւապահ գերատեսչութիւններու աշխատակիցները շուտով պիտի սկսին արտաքսել միլիոնաւոր անօրինական գաղթականներ: Մի քանի օր ետք ան յայտարարած Է, որ ստուգայցերու իրականացումը կը յետաձգուի, քանի որ կառավարող Հանրապետական կուսակցութիւնը յոյս ունի, որ  դեմոկրատներուն հետ պիտի կնքէ փոխզիջումային համաձայնագիր, որ կոչուած պիտի ըլլայ ապահովելու անօրինական գաղթի եւ սահմանին վերահսկողութեան խստացման խնդիրին լուծումը: Յուլիսի կէսերուն ԱՄՆ-ի շարք մը քաղաքներուն մէջ սկսած են անօրինական գաղթականներու ձերբակալումներ՝ յետագային զիրենք արտաքսելու նպատակով, հաղորդած Է ԹԱՍՍ:

 

 

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Լրատուութեան գործընկեր