Աքշեներ Խօսած է Թուրքիոյ Մէջ Գործող Կառավարման Համակարգի եւ Հիմնադրուելիք Նոր Կուսակցութեան Մասին

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Թուրքիոյ «Լաւ» կուսակցութեան ղեկավար Մերալ Աքշեներ յայտնած է, որ հզօրացած խորհրդարանական համակարգը Թուրքոյ համար առաւել նպատակայարմար պիտի ըլլայ: Ան անդրադարձած է նաեւ ստեղծուելիք նոր կուսակցութեան:
Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես», յայտնած է թրքական «Եէնի չաղ» լրատուամիջոցը:
«Կը կարծեմ, որ նախագահական կամ կիսանախագահական համակարգի փոխարէն աւելի անհրաժեշտ է կիրառել ժողովրդավարական համակարգ: Գործող համակարգը ընդունուած է արագօրէն, եւ բաւարար չափով չէ քննարկուած հասարակութեան շրջանակէն ներս»,- նշած է ան:
Աքշեներ նաեւ անդրադարձած է Թուրքիոյ 11-րդ նախագահ Ապտուլահ Կիւլի եւ նախկին փոխվարչապետ, տնտեսութեան նախարար Ալի Պապաճանի կողմէ նոր կուսակցութիւն հիմնելու հարցին:
«Կը հաւատամ, որ նոր կուսակցութիւնը յաջողութիւններ պիտի արձանագրէ եւ ընտրողներու համար պիտի ծառայէ որպէս այլընտրանք»,- եզրափակած է ան:
Leave a Reply
Լրահոս
-
29.09.2020
Մեր Յաղթանակը Այլընտրանք Չունի. Յայտարարութիւն
-
16.09.2020
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Մտաւորական Ընկերներու Հետ
-
11.08.2020
Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ՝ Չարլզ Միշըլի Այցը Հաուըրտ Գարակէօզեան
-
11.08.2020
Հայաստան Հաստատուած Լիբանանահայերուն Ուշադրութեան
-
11.08.2020
Կառավարութիւնը Հրաժարեցաւ. Կը Մնայ Որ Խորհրդարանը Եւս Հրաժարի
-
10.08.2020
Ես Գիտեմ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Վեհափառ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Մամուլի
-
10.08.2020
Սեւրի Դաշնագրին 100րդ Տարեդարձին Առթիւ
-
10.08.2020
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սեւրի Դաշնագիր

