• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Աուն եւ Պետական Այլ Պատասխանատուներ Ներկայ Գտնուեցան Մար Շարպելի Տօնին Առիթով Մատուցուած Պատարագին

22.07.2019   00:13

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Նախագահ Միշել Աուն ներկայ գտնուեցաւ Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքի  նախագահած Կիրակի օրուան պատարագին՝ նուիրուած Մար Շարպելի տօնին։

Աուն եւ շարք մը երեսփոխաններ ու պետական այրեր, որոնց մէջ նաեւ բանակի հրամանատար զօրավար Ժոզէֆ Աուն, Աննայայի Մար Մարուն վանքին մէջ, ներկայ գտնուեցան Մար Շարպելի տօնին նուիրուած պատարագին։

Իր արտասանած քարոզին մէջ, Ռայի պատրիարքը` դիմելով Աունին՝ ըսաւ, «Կ՝աղօթենք Մար Շարպելին, որ բարեխօսէ մեր ազգին համար… որպէսզի Դուք կարենաք երկիրը ղեկավարել իմաստուն կերպով եւ հաստատօրէն զայն դուրս հանել քաղաքական, տնտեսական եւ հասարակական ճգնաժամէն՝ Լիբանանցիին վերադարձնելու անհրաժեշտ կայունութիւնը»։ 

Նշենք, որ Լիբանանը կը դիմագրաւէ շարք մը մարտահրաւէրներ, ինչպէս անգործութիւն, անբաւարար տնտեսական աճ, ելեւմտական ճգնաժամ:

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Լրատուութեան գործընկեր