• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Վեթերանները Կը Հեռանան, Մինչ Լարուածութիւնը Կը Մեղմանայ

20.07.2019   08:21

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Պէյրութի կեդրոնական հատուածի իրավիճակը Ուրբաթ երեկոյեան հանդարտեցաւ, երբ օրուան ընթացքին բողոքի ելած վեթերանները սկսան հեռանալ տարածքէն:

Ռիատ ալ Սոլհի, Նիժմէի եւ Նահատակաց հրապարակներուն վրայ անվտանգութեան ներկայութիւնը աստիճանաբար սկսաւ նուազիլ՝ մինչ անվտանգութեան ուժերը սկսան բանալ փակ ճանապարհները:

Անվտանգութեան պատասխանը եկաւ այն պահուն, երբ Ուրբաթ օր, օրէնսդիրներու կողմէ 2019-ի պետական պիւտճէի նախագիծի քուէարկութեան պահուն, վեթերան զինուորականները փորձեցին փոթորկել խորհրդարանը:

Երբ երեսփոխանները սկսան քուէարկել, վեթերանները՝ չորրորդ օրը ըլլալով՝ բողոքի ելան։ Անոնք կը բողոքէին առաջարկուող կրճատումներուն դէմ։

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Լրատուութեան գործընկեր