Թուրքերուն Զայրացուցած է National Geographic-ի Գրութիւնը

National Geographic ամսագիրը Արարատ լերան հերթական լուսանկար հրապարակած է: Ամառուան տապին Instagram–ի բաժանորդներուն ամսագիրը ցոյց տուած է լերան ձմեռնային լուսանկարները` ձիւնի մէջ եւ մոխրագոյն երկինքի տակ, կը հաղորդէ arenanews.am-ը։
«Արարատը յանգած հրաբուխ է Թուրքիոյ արեւելքը: Սա երկրի ամենաբարձր կէտն է: Գիտնականները այն կարծիքին էին, որ պարտադիր չէ, որ բիբլիական Արարատ լեռը համընկնի այսօրուան Արարատի հետ: Սակայն 11-րդ դարէն քրիստոնէական աշխարհը այն կարծիքին յանգած է, որ Նոյեան տապանը այստեղ հանգրուանած է»,- լուսանկարին կից գրած են հեղինակները:
Վերջաւորութեան` հաշթեկերով ամսագրի խմբագիրները կարեւոր «յիշեցում»մը ըրած են` առաջին թակին մէջ գրելով #armenia:
Ի հարկէ, զայրացած օգտատէրերը տարբեր մեկնաբանութիւններ ըրին, անոնց, հաշթակէն բացի, զայրացուցած էր այն, որ լեռը նշուած էր Արարատ, այլ ոչ թէ անոր թրքական անուանումով` Աղրի:
Սակայն զայրացած քաղաքացիներու համար պարզաբանեց օգտատէրերէն մէկը, ամէն ինչ ճիշդ է, քանի որ լուսանկարը առնուած է Հայաստանի կողմէ:
Leave a Reply
Լրահոս
-
29.09.2020
Մեր Յաղթանակը Այլընտրանք Չունի. Յայտարարութիւն
-
16.09.2020
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Մտաւորական Ընկերներու Հետ
-
11.08.2020
Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ՝ Չարլզ Միշըլի Այցը Հաուըրտ Գարակէօզեան
-
11.08.2020
Հայաստան Հաստատուած Լիբանանահայերուն Ուշադրութեան
-
11.08.2020
Կառավարութիւնը Հրաժարեցաւ. Կը Մնայ Որ Խորհրդարանը Եւս Հրաժարի
-
10.08.2020
Ես Գիտեմ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Վեհափառ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Մամուլի
-
10.08.2020
Սեւրի Դաշնագրին 100րդ Տարեդարձին Առթիւ
-
10.08.2020
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սեւրի Դաշնագիր

