Պըրրի. Իսրայէլ Կը Ձգտի «Նոր Շըպաա» Ստեղծել

«Զարթօնք», Պէյրութ – Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Ուրբաթ օր յայտարարեց, որ Լիբանանի եւ Իսրայէլի պետութեան միջեւ գտնուող ծովաբնեայ տարածքը, որ կը հանդիսանայ ԱՄՆ-ի միջնորդաւորուած բանակցութիւններու առարկայ, Իսրայէլ կը ձգտի ստեղծել նոր Շըպաայի սենար մը։
«Իսրայէլ կ՝ուզէ ստեղծել նոր Շըպաա մը, սակայն այս անգամ ծովուն մէջ»,- ըսաւ Պըրրի՝ նշելով, որ ԱՄՆ-ի արտաքին գործոց նախարարի Միջին Արեւելքի հարցերու օգնական Տէյվիտ Սաթըրֆիլտի միջնորդական ջանքերը գայթակղութեան գագաթնակէտն են:
«Հինգ տարիէ ի վեր Լիբանանը բարդ բանակցութիւններու մէջ է, եւ իր կեցուածքը միշտ նոյնն է»,- ըսաւ Պըրրի՝ անդրադառնալով ծովային սահմանային վէճի լուծման համար ԱՄՆ-ի գլխաւորած ձախողած ջանքերուն եւ ընդգծեց. «Քաղաքական պատերազմները (Իսրայէլ) թշնամիի հետ պակաս վտանգաւոր կամ կարեւոր չեն, քան ռազմական մարտերը»:
Նշենք, որ երկու երկիրները կը ձգտին ճշդել հարաւային սահմանը, ուր կը վիճարկուին շուրջ 856 քառակուսի քիլոմեթր ջուրերը, նպատակ ունենալով զարգացնելու քարիւղի եւ կազի արդիւնահանումը:
Leave a Reply
Լրահոս
-
29.09.2020
Մեր Յաղթանակը Այլընտրանք Չունի. Յայտարարութիւն
-
16.09.2020
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Մտաւորական Ընկերներու Հետ
-
11.08.2020
Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ՝ Չարլզ Միշըլի Այցը Հաուըրտ Գարակէօզեան
-
11.08.2020
Հայաստան Հաստատուած Լիբանանահայերուն Ուշադրութեան
-
11.08.2020
Կառավարութիւնը Հրաժարեցաւ. Կը Մնայ Որ Խորհրդարանը Եւս Հրաժարի
-
10.08.2020
Ես Գիտեմ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Վեհափառ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Մամուլի
-
10.08.2020
Սեւրի Դաշնագրին 100րդ Տարեդարձին Առթիւ
-
10.08.2020
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սեւրի Դաշնագիր

