Խալիլ. Պիւտճէի Քննարկման Վերաբերող Ամենավերջին Նիստը «Պէտք է» Վերջինը Ըլլայ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ յայտարարեց, որ 2019-ի պետական պիւտճէի նախագիծին նուիրուած` «Ելեւմուտքի եւ Պիւտճէի յանձնաժողով»-ի, Երեքշաբթի օրուան նիստը պէտք է վերջինը ըլլայ:
Յանձնաժողովը, Յունիս 10-էն ի վեր, պարբերաբար կը հանդիպէր պիւտճէի քննարկման համար:
Երեքշաբթի օրուան նիստը կը նախագահէր յանձնաժողովի նախագահ Իպրահիմ Քանաան։ Ժամը 6:00-ին սկսած նիստին ներկայ էր պաշտպանութեան նախարար Էլիաս Պու Սաապ: Խալիլ եւ Քանաան Երկուշաբթի երկկողմ հանդիպում մը ունեցած էին պիւտճէի մասին չլուծուած շարք մը հարցերու շուրջ:
Նշենք, որ նախորդ նիստերուն ընթացքին յանձնաժողովը յետաձգած էր շարք մը հակասական իրողութիւններ, ինչպէս, ներմուծուող ապրանքներու մեծ մասի 2 տոկոս հարկի յաւելում եւ վեթերաններու վերջնական նպաստներու կրճատում:
Պիւտճէն կը ներառէ պետական ծախսերու կրճատումները եւ հարկերու աճը` նպատակ ունենալով խոչընդոտել պակասուրդը, որ անցեալ տարի կազմած էր համախառն ներքին արդիւնքի 11.1 տոկոսը:
Leave a Reply
Լրահոս
-
29.09.2020
Մեր Յաղթանակը Այլընտրանք Չունի. Յայտարարութիւն
-
16.09.2020
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Մտաւորական Ընկերներու Հետ
-
11.08.2020
Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ՝ Չարլզ Միշըլի Այցը Հաուըրտ Գարակէօզեան
-
11.08.2020
Հայաստան Հաստատուած Լիբանանահայերուն Ուշադրութեան
-
11.08.2020
Կառավարութիւնը Հրաժարեցաւ. Կը Մնայ Որ Խորհրդարանը Եւս Հրաժարի
-
10.08.2020
Ես Գիտեմ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Վեհափառ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Մամուլի
-
10.08.2020
Սեւրի Դաշնագրին 100րդ Տարեդարձին Առթիւ
-
10.08.2020
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սեւրի Դաշնագիր

