Թուրքիոյ Խումբ Մը Քաղաքացիներ Խորհրդարանէն Կը Պահանջեն Հակազդել Հայոց Ցեղասպանութեան Բանաձեւերու Ընդունման

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Թուրքիոյ խումբ մը քաղաքացիներ դիմում ներկայացուցած են խորհրդարան եւ պահանջած պատասխան տալ տարբեր երկիրներու խորհրդարաններուն մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին բանաձեւերու ընդունման։ Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով Milliyet-ը։
Խորհրդարանէն պահանջուած է «գործի անցնիլ, քանի որ թուրք քաղաքացիները «անպաշտպան մնացած են՝ ենթարկուելով ֆիզիքական եւ հոգեբանական ճնշումներու»:
Ըստ թրքական աղբիւրին՝ խորհրդարան ներկայացուած դիմումին մէջ ներառուած է քանի մը կէտ։
Կէտերէն մէկուն մէջ կ՝ըսուի, որ ցեղասպանութեան մասին բանաձեւերուն ընդունումով «կը թիրախաւորուի թուրք ժողովուրդը, ինչպէս նաեւ առհասարակ ցեղասպանութիւն չընդունողները»։
Միւս կէտին մէջ կ՝ըսուի, որ նշեալ բանաձեւերով կը խախտուին Թուրքիոյ քաղաքացիներուն իրաւունքները, աւելցնելով, որ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին բանաձեւերը ուղղակիօրէն «կը թիրախաւորեն խօսքի եւ մտքի ազատութիւնը»:
Այդ կէտին մէջ նաեւ կ՝ըսուի, որ այդ բանաձեւերը կ՝անտեսեն «օսմանեան ժողովուրդներ»ու, մասնաւորապէս «թուրք ժողովուրդի կոտորածները նախորդ դարուն», կը շեղին ընդհանուր ցաւի գաղափարէն՝ թիրախաւորելով թուրքերն ու Թուրքիոյ քաղաքացիները»:
Երրորդ կէտով կ՝ըսուի, որ Թուրքիոյ խորհրդարանը մինչ օրս համաչափ պատասխան չէ տուած Իտալիոյ, Ֆրանսայի խորհրդարաններուն՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը դատապարտող որոշումներուն։
Դիմումը ներկայացուցած քաղաքացիները Թուրքիոյ իշխանութիւններէն պահանջած են յստակ քայլեր ձեռնարկել այս հարցին շուրջ։
Leave a Reply
Լրահոս
-
29.09.2020
Մեր Յաղթանակը Այլընտրանք Չունի. Յայտարարութիւն
-
16.09.2020
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Մտաւորական Ընկերներու Հետ
-
11.08.2020
Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ՝ Չարլզ Միշըլի Այցը Հաուըրտ Գարակէօզեան
-
11.08.2020
Հայաստան Հաստատուած Լիբանանահայերուն Ուշադրութեան
-
11.08.2020
Կառավարութիւնը Հրաժարեցաւ. Կը Մնայ Որ Խորհրդարանը Եւս Հրաժարի
-
10.08.2020
Ես Գիտեմ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Վեհափառ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Մամուլի
-
10.08.2020
Սեւրի Դաշնագրին 100րդ Տարեդարձին Առթիւ
-
10.08.2020
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սեւրի Դաշնագիր

