Ղարիպ Համառօտ Կերպով Պըրրիին Ներկայացուց Ալէյի Բախումներուն Մասին «Իրականութիւնը»

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Տեղահանուածներու հարցերու պետական նախարար Սալեհ Ղարիպ, Հինգշաբթի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիին համառօտ կերպով ներկայացուց շաբաթավերջին Ալէյի մէջ տեղի ունեցած դէպքերուն «իրականութիւնը»։
«Պըրրի բախումներուն մասին մանրամասնութիւններ կը փնտռէ: … Ան գիտէ ճշմարտությունը»,- ըսաւ Ղարիպ` Պըրրիի հետ հանդիպումէն ետք՝ հրաժարելով քննարկման վերաբերեալ այլ մանրամասնութիւններ ներկայացնելէն: Պըրրի Չորեքշաբթի հանդիպած էր Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ, որ կը գլխաւորէ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութցութիւնը, քննարկելու լարուածութիւնը:
Յիշեցնենք, որ անցեալ Կիրակի Ալէյի մէջ սպաննուած էին Ղարիպի երկու թիկնապահները։
Պըրրիի հետ հանդիպումէն առաջ, Ղարիպ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ Թալալ Արսլանի եւ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ղեկավար Ապաս Իպրահիմի հետ:
Հանդիպումէն ետք Արսլան ըսաւ, որ ինք կը հաւատայ, որ իշխանութիւնները պատասխանատւութեան պիտի կանչեն բախումներուն պատասխանատուները, աւելցնելով. «Յուսանք, որ ճիշդ ուղիի վրայ ենք … եւ դատական գործընթացը պիտի իրականացուի թափանցիկ կերպով»:
Leave a Reply
Լրահոս
-
29.09.2020
Մեր Յաղթանակը Այլընտրանք Չունի. Յայտարարութիւն
-
16.09.2020
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Մտաւորական Ընկերներու Հետ
-
11.08.2020
Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ՝ Չարլզ Միշըլի Այցը Հաուըրտ Գարակէօզեան
-
11.08.2020
Հայաստան Հաստատուած Լիբանանահայերուն Ուշադրութեան
-
11.08.2020
Կառավարութիւնը Հրաժարեցաւ. Կը Մնայ Որ Խորհրդարանը Եւս Հրաժարի
-
10.08.2020
Ես Գիտեմ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Վեհափառ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Մամուլի
-
10.08.2020
Սեւրի Դաշնագրին 100րդ Տարեդարձին Առթիւ
-
10.08.2020
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սեւրի Դաշնագիր

