Սաթըրֆիլտ Համառօտ Կերպով Պասիլին Ներկայացուց Սահմանային Պայքարի Վերջին Իրադարձութիւնները

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Միջին Արեւելքի հարցերով օգնական եւ Լիբանան-Իսրայէլ ծովային սահմանագծումի բանակցութիւններու բանագնաց Տէյվիտ Սաթըրֆիլտ, Երեքշաբթի, Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլին համառօտ կերպով ներկայացուց վերջին զարգացումները։
Արտաքին գործոց նախարարի գրասենեակէն փոխանցուած յայտարարութեան մը համաձայն՝ Պասիլ համառօտ կերպով տեղեկացուեցաւ վերջին շաբաթներուն ԱՄՆ-ի եւ Իսրայէլի մէջ Տէյվիտ Սաթըրֆիլտի առած քայլերուն մասին, որոնք կը վերաբերէին սահմանային պայքարին։
«Պասիլի եւ Սաթըրֆիլտի կարծիքները նոյնն էին … պէտք է լուծում գտնել սահմանի հարցով` պահպանելու համար Լիբանանի քարիւղային շահերը»,- նշուած էր յայտարարութեան մէջ:
Նշենք, որ Սաթըրֆիլտին յանձնարարուած է բանակցութիւններ վարել Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ, «որոշելու հողային եւ ծովային սահմանները»:
Ան պիտի շարունակէ հանդիպիլ Լիբանանի այլ պաշտօնեաներու հետ եւ հաւանաբար կրկին հանդիպի Պասիլի հետ՝ Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ հանդիպումէն ետք:
Leave a Reply
Լրահոս
-
29.09.2020
Մեր Յաղթանակը Այլընտրանք Չունի. Յայտարարութիւն
-
16.09.2020
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Մտաւորական Ընկերներու Հետ
-
11.08.2020
Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ՝ Չարլզ Միշըլի Այցը Հաուըրտ Գարակէօզեան
-
11.08.2020
Հայաստան Հաստատուած Լիբանանահայերուն Ուշադրութեան
-
11.08.2020
Կառավարութիւնը Հրաժարեցաւ. Կը Մնայ Որ Խորհրդարանը Եւս Հրաժարի
-
10.08.2020
Ես Գիտեմ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Վեհափառ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Մամուլի
-
10.08.2020
Սեւրի Դաշնագրին 100րդ Տարեդարձին Առթիւ
-
10.08.2020
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սեւրի Դաշնագիր

