Հարիրի Յետաձգեց Կառավարութեան Նիստը՝ Յիշատակելով Ալէյի Դէպքերը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Վարչապետ Սաատ Հարիրի, յետաձգեց կառավարութեան նիստը՝ յիշատակելով Ալէյի վերջին դէպքերը, որոնք լարուածութիւն յառաջացրուցած էին Լիբանանի գլխաւոր Տիւրզի կուսակցութիւններուն եւ անոնց դաշնակիցներուն միջեւ:
«Մեզի անհրաժեշտ է 48 ժամ՝ մեղմացնելու համար ընթացիկ լարուածութիւնը, որուն համար ալ որոշեցի յետաձգել այսօրուան նիստը»,- յայտարարեց Հարիրի՝ իր որոշումը հրապարակելէ ետք:
«Իբրեւ վարչապետ իմ պարտքն է մեղմացնել այս լարուածութիւնը»,- ընդգծեց ան:
Նիստը նախատեսուած էր կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին, սակայն ժամը 1։00-ին ժամանած էին միայն Հարիրին եւ 30 նախարարներէն 16-ը: Բացակայողներուն մեծ մասը կը պատկանին կամ դաշնակից են Ազգային Ազատ հոսանքին եւ Լիբանանի դեմոկրատական կուսակցութեան, որոնք հանդիպում մը ունեցած են Արտաքին գործոց նախարարութեան մօտ՝ քննարկելու դէպքերուն վերաբերող նիստին ընթացքին անոնց կեցուածքը:
Վարչապետը նշեց, թէ Կառավարութեան յաջորդ հանդիպումը պիտի որոշուի շուտով։
Յիշեցնենք, որ լարուածութիւնը կապուած էր շաբաթավերջին Ալէյի մէջ տեղի ունեցած բախումներուն հետ, որոնց ընթացքին սպաննուած էին Գաղթականներու հարցերով նախարար Սալեհ Ղարիպի երկու թիկնապահները, եւ փոխհրաձգութեան իբրեւ արդիւն՝ վիրաւորուած էին երկու ուրիշներ։
Leave a Reply
Լրահոս
-
29.09.2020
Մեր Յաղթանակը Այլընտրանք Չունի. Յայտարարութիւն
-
16.09.2020
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Մտաւորական Ընկերներու Հետ
-
11.08.2020
Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ՝ Չարլզ Միշըլի Այցը Հաուըրտ Գարակէօզեան
-
11.08.2020
Հայաստան Հաստատուած Լիբանանահայերուն Ուշադրութեան
-
11.08.2020
Կառավարութիւնը Հրաժարեցաւ. Կը Մնայ Որ Խորհրդարանը Եւս Հրաժարի
-
10.08.2020
Ես Գիտեմ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Վեհափառ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Մամուլի
-
10.08.2020
Սեւրի Դաշնագրին 100րդ Տարեդարձին Առթիւ
-
10.08.2020
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սեւրի Դաշնագիր

