• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Սաթըրֆիլտ Երեքշաբթի Պէյրութ Պիտի Վերադառնայ

01.07.2019   02:13

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Միջին Արեւելքի հարցերով օգնական եւ Լիբանան-Իսրայէլ ծովային սահմանագծումի բանակցութիւններու բանագնաց Տէյվիտ Սաթըրֆիլտ Երեքշաբթի պիտի վերադառնայ Պէյրութ՝ Լիբանանի պաշտօնատար անձանց փոխանցելու վերջին զարգացումները:

Տէյվիտ Սաթըրֆիլտ, որ ԱՄՆ միջնորդն է, մօտ մէկ ամիս է Պէյրութի եւ Թել-Աւիւի միջեւ բանակցութիւններ կը վարէ՝ երկու երկիրներուն միջեւ դնելով ծովային սահմանագծումի բանակցութիւններուն սկզբունքները:

Երկու կողմերն ալ պատրաստակամութիւն յայտնած են սահմանագծելու հարաւային սահմանը, որպէսզի դիւրացնեն քարիւղի եւ կազի հետախուզումը:

Նշենք, որ նախկին բանակցութիւնները կ՝ընթանային դրական կերպով, ըստ որոնց, Իսրայէլ համաձայնած էր Լիբանանի պայմաններուն, որպէսզի ՄԱԿ-ի միջնորդութեամբ բանակցութիւններ վարեն Նաքուրայի մէջ՝ միաժամանակ սահմանագծելով ծովային սահմանը:

Սակայն, Սաթըրֆիլտի վերջին այցէն ետք, 12 Յունիսին, Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի, որ կը վերահսկէ խնդիրը, յայտնեց, թէ Իսրայէլ կը փորձէր «խուսափիլ այն բաներէն, որոնց վրայ համաձայնեցանք»:

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Լրատուութեան գործընկեր