Կարօ Փայլան Գրաւոր Հարցում Ուղղած է ՆԳՆ-ին Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքական Տեղապահի Ընտրութիւններու Յետաձգման Վերաբերեալ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովի պատգամաւոր՝ Կարօ Փայլան, Պոլսոյ Հայոց պատրիարք Մեսրոպ արքեպիսկոպոս Մութաֆեանի մահէն ետք, տեղապահի ընտրութեան օրուայ փոփոխութեան վերաբերեալ գրաւոր հարցում ուղղած է Թուրքիոյ ներքին գործերու նախարար Սուլէյման Սոյլուին:
«Արմէնփրես»-ի հաղորդմամբ՝ տեղապահի ընտրութիւնը պէտք է տեղի ունենար 2019 թուականի Յունիս 27-ին, սակայն ներքին գործերու նախարարութիւնը, Պոլսոյ կուսակալութեան միջոցով 2019 թուականի Յունիս 26-ին, առանց որեւէ պատճառաբանութեան յայտնած է, որ տեղապահի ընտրութիւնը պէտք է յետաձգուի մինչեւ 2019 թուականի Յուլիս 4:
Փայլան գրութեան մէջ հարցուցած է, թէ որն է Թուրքիոյ Հայոց պատրիարքարանի տեղապահի ընտրութեան օրուայ փոփոխութեան պատճառը, ինչու եւ ինչ իրաւական հիմքերով ՆԳ նախարարութիւնը միջամտած է հոգեւոր կառոյցի ներքին գործերուն եւ այլն:
Leave a Reply
Լրահոս
-
29.09.2020
Մեր Յաղթանակը Այլընտրանք Չունի. Յայտարարութիւն
-
16.09.2020
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Մտաւորական Ընկերներու Հետ
-
11.08.2020
Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ՝ Չարլզ Միշըլի Այցը Հաուըրտ Գարակէօզեան
-
11.08.2020
Հայաստան Հաստատուած Լիբանանահայերուն Ուշադրութեան
-
11.08.2020
Կառավարութիւնը Հրաժարեցաւ. Կը Մնայ Որ Խորհրդարանը Եւս Հրաժարի
-
10.08.2020
Ես Գիտեմ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Վեհափառ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Մամուլի
-
10.08.2020
Սեւրի Դաշնագրին 100րդ Տարեդարձին Առթիւ
-
10.08.2020
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սեւրի Դաշնագիր

