• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Լիբանանեան Համալսարանի Գործադուլը Վերջ Գտաւ, Երբ Նախարարը Խոստացաւ Հաշուի Առնել Ներկայացուած Պահանջները

29.06.2019   01:53

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Լիբանանեան համալսարանի դասախօսները Ուրբաթ օր դադրեցուցին ամբողջ շաբաթ մը տեւած իրենց գործադուլը, երբ կրթութեան նախարար Աքրամ Շեհայէպ խոստացաւ հաշուի առնել իրենց պահանջները:

Լիբանանեան համալսարանի գործադիր կոմիտէի ղեկավար Եուսէֆ Տահէր՝ նախարարի հետ կայացած ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց գործադուլը դադրեցնելու մասին լուրը: Այնուամենայնիւ, Տահէր ըսաւ, որ գործադիր կոմիտէն պիտի չեղարկէ իր որոշումը, եթէ Շեհայէպ չկատարէ իր խոստումը:

Յիշեցնենք, որ փրոֆէսըրները գործադուլը սկսած էին Մայիս 6-ին` բողոքելով 2019 թ. Պետական պիւտճէի նախագիծի կրճատման դէմ, որ մեծապէս պիտի ազդէր Լիբանանի միակ պետական ​​համալսարանին յատկացուող պիւտճէին վրայ:

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Լրատուութեան գործընկեր