Թրամփ Փութին Հանդիպումը G20-ի Գագաթնաժողովին Տեւած Է 1 ժամ 20 Վայրկեան

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – ԱՄՆ նախագահ Տոնալտ Թրամփ եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին բանակցած են Օսակայի մէջ G20-ի գագաթնաժողովի ընթացքին: Զրոյցը տեւած Է 1 ժամ 20 վայրկեան, կը տեղեկացնԷ «Արմէնփրես»՝ յղում կատարելով ԹԱՍՍ-ին:
Թրամփ եւ Փութին համաձայնած են, որ ԱՄՆ-ի եւ ՌԴ-ի միջեւ յարաբերութիւններու բարելաւումը կը համապատասխանի ինչպէս երկու երկիրներու, այնպէս ալ ամբողջ աշխարհի շահերուն: Այդ մասին ըսուած Է Սպիտակ տան յայտարարութեան մէջ, որ տարածուած Է որպէս հանդիպման արդիւնք:
«Նախագահները համաձայնած են, որ երկու կողմերը կը շարունակեն բանավէճերը 21-րդ դարուն սպառազինութիւններու նկատմամբ հսկողութեան չափանիշի շուրջ, որ, ինչպէս աւելի վաղ յայտարարած Է նախագահ Թրամփ, պէտք Է ներառէ Չինաստանը»,- կը նշուի յայտարարութեան մէջ: Կողմերը քննարկած են Իրանի, Սուրիոյ, Վենեզուելայի, ինչպէս նաեւ Ուքրանիայի իրադրութիւնը: Բանակցութիւններուն ռուսական կողմէն մասնակցած են նաեւ արտաքին գործերու նախարար Սերգէյ Լաւրովը եւ պաշտօնատար այլ անձեր: Ամերիկեան կողմէն բանակցութիւններուն ներկայ եղած է պետքարտուղար Մայքլ Փոմպէոն եւ բարձրաստիճան այլ պաշտօնեաներ։
Leave a Reply
Լրահոս
-
29.09.2020
Մեր Յաղթանակը Այլընտրանք Չունի. Յայտարարութիւն
-
16.09.2020
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Մտաւորական Ընկերներու Հետ
-
11.08.2020
Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ՝ Չարլզ Միշըլի Այցը Հաուըրտ Գարակէօզեան
-
11.08.2020
Հայաստան Հաստատուած Լիբանանահայերուն Ուշադրութեան
-
11.08.2020
Կառավարութիւնը Հրաժարեցաւ. Կը Մնայ Որ Խորհրդարանը Եւս Հրաժարի
-
10.08.2020
Ես Գիտեմ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Վեհափառ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Մամուլի
-
10.08.2020
Սեւրի Դաշնագրին 100րդ Տարեդարձին Առթիւ
-
10.08.2020
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սեւրի Դաշնագիր

