Իրանագէտի Կարծիքով` ԱՄՆ-ն Կը Ցանկայ Պարտադրել Իրանին Նստիլ Բանակցութիւններու Սեղանին Շուրջ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Իրան-ԱՄՆ յարաբերութիւնները կը շարունակեն մնալ լարուած, եւ կայ վտանգ, որ ԱՄՆ-ն կրնայ կէտային հարուածներ հասցնել Իրանի ուղղութեամբ: Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնփրես», Յունիս 25-ին լրագրողներու հետ զրոյցին այս մասին ըսաւ իրանագէտ, Իրան-ԱՄՆ հարցերով փորձագէտ Գոհար Իսկանդարեան:
Ան նշեց, որ Իրանի կողմէ ԱՄՆ-ի անօդաչու թռչող սարքի խոցումէն ետք ԱՄՆ-ն որոշում կայացուցած էր ռազմական գործողութիւններ սկսիլ Իրանի մէջ, սակայն վերջին պահուն նախագահ Տոնալտ Թրամփ մտադրութիւնը փոխած է՝ նշելով, որ հարուածը անհամաչափ պիտի ըլլայ:
«Կան այլ տեսակէտներ. ակնյայտ եղած է Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահի ուղերձը Թրամփին, որ եթէ եղաւ նման բան, տարածաշրջանը պարզապէս պիտի վառի կրակներու մէջ եւ պիտի չկարենան խնդիրը լուծել: Կը կարծեմ, որ Թրամփ որոշած է սպասել: Յունիս 28-29-ին Ճափոնի մէջ տեղի պիտի ունենայ G-20-ի հանդիպումը, եւ արդէն նախանշուած է հանդիպումներուն օրակարգը: Այս հանդիպումներու ժամանակ օրակարգի մէջ է նաեւ Իրանի հարցը եւ պիտի քննարկուի, թէ ինչպէս թուլացնել երկու երկրներուն միջեւ լարուածութիւնը, որովհետեւ կը տեսնենք՝ աւելի ու աւելի կը թէժանայ խնդիրը եւ կարիք կայ որոշակի չափով հանդարտեցման»,- ըսաւ Իսկանդարեան:
Իրանագէտի կարծիքով` ԱՄՆ-ն ամէն գնով կը ցանկայ Իրանը նստեցնել բանակցութիւններու սեղանի շուրջ:
«Անոր վարքագիծը ցոյց կու տայ, որ աւելի շատ պարտադրանքի ուժով կը փորձեն նստեցնել բանակցութիւններու սեղանի շուրջ: Իմ համոզումովս` Իրան եւս կը ցանկայ բանակցութիւններու միջոցով հարթել խնդիրները, բայց ոչ թէ պարտադրանքով եւ սադրանքներով, այլ որոշակի փոխզիջումներու միջոցով նստիլ եւ հասկնալ, թէ ինչ խնդիրներ կան Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ, ինչպէս պէտք է հանգուցալուծումները գտնել: Կը կարծեմ, որ բանակցութիւնները երկու կողմերուն ալ ձեռնտու է»,- ըսաւ Իսկանդարեանը:
Իրանագէտի համոզմամբ` «ընտրուելու պարագային Տոնալտ Թրամփի ձեռքերը աւելի ազատ պիտի ըլլան եւ այն ժամանակ կրնանք ականատես ըլլալ կէտային հարուածներու Իրանի ուղղութեամբ»,- եզրափակեց Իսկանդարեան:
Leave a Reply
Լրահոս
-
29.09.2020
Մեր Յաղթանակը Այլընտրանք Չունի. Յայտարարութիւն
-
16.09.2020
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Մտաւորական Ընկերներու Հետ
-
11.08.2020
Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ՝ Չարլզ Միշըլի Այցը Հաուըրտ Գարակէօզեան
-
11.08.2020
Հայաստան Հաստատուած Լիբանանահայերուն Ուշադրութեան
-
11.08.2020
Կառավարութիւնը Հրաժարեցաւ. Կը Մնայ Որ Խորհրդարանը Եւս Հրաժարի
-
10.08.2020
Ես Գիտեմ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Վեհափառ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Մամուլի
-
10.08.2020
Սեւրի Դաշնագրին 100րդ Տարեդարձին Առթիւ
-
10.08.2020
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սեւրի Դաշնագիր

