Վեթերանները Կը Շարունակեն Բողոքել Պիւտճէին Դէմ՝ Փակելով Ելեւմուտքի Նախարարութեան Մուտքը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Յաջորդաբան երկրորդ օրը ըլլալով՝ զինուորական թոշակառուները արգելափակեցին Ելեւմուտքի նախարարութեան շէնքին մուտքը` բողոքելով 2019 թուականի պետական պիւտճէի նախագիծին մէջ առաջարկուող խնայողութիւններուն դէմ:
Տասնեակ վեթերաններ Հինգշաբթի առաւօտեան հաւաքուեցան Պըշարա Խուրի փողոցին վրայ գտնուող նախարարութեան եկամուտներու բաժանմունքին դիմաց:
«Մենք արգելափակեցինք դուռը, որպէսզի ոչ ոք կարենայ մտնել, անոնք չեն համարձակիր մտնել»,- ըսաւ Լիբանանեան բանակին մէջ ծառայած Հուսէյն Թաշ, ընդգծելով, որ վեթերանները որեւէ կառոյց չեն խոշտանգեր։
Վեթերանները Ապրիլի սկիզբէն ի վեր իրականացուցած են շարք մը բողոքի ցոյցեր՝ հակազդելով 2019 թուականի պետական պիւտճէի նախագիծին մէջ ներառուած այն կէտերը, որոնք կը միտին նուազեցնել իրենց կենսաթոշակները եւ ծառայողական նպաստները: Մայիսի վերջը, Պաշտպանութեան նախարար Էլիաս Պու Սաապ յայտարարեց, որ կենսաթոշակներու գծով պիտի ըլլայ 3 տոկոս կրճատում, եւ որ խնայողութիւնները պիտի օգտագործուին իրենց առողջապահութեան համար:
«Մենք զինուորական վեթերաններ ենք եւ անոնք մեզ կը զրկեն մեր իրաւունքներէն»,- ըսաւ Թաշ:
Բողոքի ցոյցերը կը շարունակուին նաեւ այսօր Ելեւմուտքի նախարարութեան շէնքէն դուրս, իսկ Երկուշաբթի օրուան ցոյցի վայրը, ըստ վեթերաններուն, շուտով պիտի որոշուի։ Երկուշաբթիէն ետք անոնք կրնան «սրընթաց քայլեր» առնել, ինչպէս օրինակ` արգելափակել օդակայանի մուտքը:
Խորհրդարանի ելեւմուտքի եւ պիւտճէի հարցերով յանձնաժողովը, ըստ յանձնաժողովի նախագահ երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանի, կը շարունակէ վերանայիլ պիւտճէի նախագիծը, եւ դեռ որոշում չէ կայացուցած ռազմական թոշակառուներուն վերաբերող յօդուածներուն շուրջ, հաշուի առնելով, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի եւ ելեւմուտքի ու պաշտպանութեան նախարարներուն միջեւ տակաւին կը շարունակուին «խորհրդատւութիւններ»-ը:
Քանաան լրագրողներուն յայտնած է, թէ յանձնաժողովի անդամներուն միջեւ «կտրուկ բաժանում» կայ զինուորական թոշակառուներու հարցով:
Leave a Reply
Լրահոս
-
29.09.2020
Մեր Յաղթանակը Այլընտրանք Չունի. Յայտարարութիւն
-
16.09.2020
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Մտաւորական Ընկերներու Հետ
-
11.08.2020
Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ՝ Չարլզ Միշըլի Այցը Հաուըրտ Գարակէօզեան
-
11.08.2020
Հայաստան Հաստատուած Լիբանանահայերուն Ուշադրութեան
-
11.08.2020
Կառավարութիւնը Հրաժարեցաւ. Կը Մնայ Որ Խորհրդարանը Եւս Հրաժարի
-
10.08.2020
Ես Գիտեմ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Վեհափառ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Մամուլի
-
10.08.2020
Սեւրի Դաշնագրին 100րդ Տարեդարձին Առթիւ
-
10.08.2020
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սեւրի Դաշնագիր

