Էրտողան Կրկին Խոստումներ Շռայլած է Սթամպուլցիներուն

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Թուրքիոյի նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան կրկին խոստումներ շռայլած է Սթամպուլի ընտրողներուն: Յունիս 19-ին թրքական Ֆիքրի Ասըմ ընկերութեան կողմէ կազմակերպուած հանդիպման ժամանակ նախագահ Էրտողան, դիմելով Սթամպուլի բնակչութեան, կոչ ըրած է Յունիս 23-ին կայանալիք քաղաքապետի ընտրութիւններու ժամանակ քուէարկել «Արդարութիւն եւ Զարգացում» կուսակցութեան կողմէ առաջադրուած թեկնածու Պինալի Եըլտըրըմի օգտին:
«Դուք լաւ գիտէք, թէ մեր կուսակցութեան պաշտօնավարման տարիներուն ինչ քայլեր իրականացուցած ենք՝ յօգուտ մեր սթամպուլաբնակ քաղաքացիներուն: Եթէ Պինալի Եըլտըրըմն ընտրուի քաղաքապետ, ապա վստահ եղէք, որ 24-25 տարի շարունակ իրականացուող բարեփոխումները աւելի բարձր մակարդակով պիտի շարունակուին», – «Արմէնփրես»-ի հաղորդմամբ՝ նշած է ան:
Խօսելով Հանրապետա-Ժողովրդական կուսակցութեան թեկնածու Էքրեմ Իմամօղլուի մասին՝ Էրտողան յայտարարած է, որ ի տարբերութիւն Պինալի Եըլտըրըմի, Իմամօղլուն կառավարման ոլորտի մէջ փորձ չունի: Մինչդեռ Պինալի Եըլտըրըմը եղած է պատգամաւոր, նախարար, վարչապետ, նաեւ՝ Ազգային ժողովի նախագահ:
Էրտողանի խօսքով՝ ժողովրդավարութիւնը կը ձեւաւորուի քուէատուփի մօտ, մինչդեռ Հանրապետա-Ժողովրդական կուսակցութեան անդամները կը կարծեն, որ անիկա կը ձեւաւորուի փողոցի մէջ, երբ ժողովուրդը իր ազատ կամքը կ’արտայայտէ ցոյցերու եւ յեղափոխութիւններու միջոցով: Էրտողանի համոզմամբ՝ անհրաժեշտ է Կիրակի օրը անոնց ապացուցել, որ կը սխալին:
Leave a Reply
Լրահոս
-
29.09.2020
Մեր Յաղթանակը Այլընտրանք Չունի. Յայտարարութիւն
-
16.09.2020
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Մտաւորական Ընկերներու Հետ
-
11.08.2020
Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ՝ Չարլզ Միշըլի Այցը Հաուըրտ Գարակէօզեան
-
11.08.2020
Հայաստան Հաստատուած Լիբանանահայերուն Ուշադրութեան
-
11.08.2020
Կառավարութիւնը Հրաժարեցաւ. Կը Մնայ Որ Խորհրդարանը Եւս Հրաժարի
-
10.08.2020
Ես Գիտեմ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Վեհափառ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Մամուլի
-
10.08.2020
Սեւրի Դաշնագրին 100րդ Տարեդարձին Առթիւ
-
10.08.2020
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սեւրի Դաշնագիր

