Հարիրի եւ Պասիլ Հանդիպեցան Ալ Մուսթաքպալ-Ազգային Ազատ Շարժում Լարուածութենէն Ետք

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Վարչապետ Սաատ Հարիրի Երկուշաբթի օր բանակցութիւններ վարեց Ազգային Ազատ շարժման առաջնորդ Ժըպրան Պասիլի հետ։ Հանդիպումը կը վերաբերէր Հարիրիի Ալ Մուսթաքպալ շարժման եւ Ազգային Ազատ շարժման միջեւ լարուածութիւններուն, որոնք կը սպառնային երկու կողմերուն միջեւ քաղաքական կարգաւորման:
Հանդիպման յաջորդած լրագրողներու հետ զրոյցին ընթացքին՝ Պասիլ յայտնեց, թէ վարչապետի հետ հանդիպումը անցած էր բնականոն։ «Շատեր փորձեցին խնդիրներ յառաջացնել մեր միջեւ, բայց ձախողեցան»,- ըսաւ ան։
Նշենք, որ անցեալ ամիս Ազգային Ազատ հոսանքի եւ Ալ Մուսթաքպալ շարժման միջեւ յառաջացած խնդիրները կապուած էին Արտաքին գործոց նախարար Պասիլի այն խօսքերուն հետ, որոնք կը մեղադրէին սիւննի քաղաքական գործիչները «պետական կարեւորագոյն պաշտօններ ստանձնելու համար»:
Անցեալ շաբաթ իր արձակուրդէն վերադառնալէն ետք՝ մամլոյ ասուլիսի ժամանակ՝ Հարիրին ըսած էր, թէ «շատ ցնցուած» էր Պասիլի մատնանշումներէն եւ «այն, ինչ որ ըսած էր, շատ վատ էր»:
Հարիրի նաեւ մեղադրած էր քաղաքական որոշ գործիչներ, որոնք 2016-ին Փախուստի դիմած էին, որ յանգեցուցած էր Ազգային Ազատ հոսանքի հիմնադիր Միշէլ Աունի նախագահ ընտրուելուն եւ Հարիրին վարչապետի պաշտօնին վերադարձնելուն: Հարիրի կողմ եղած էր կարգաւորման՝ նշելով, որ գործարքը պաշտպանած էր Լիբանանի կայունութիւնը եւ կանխած էր աղանդաւորական ճնշումը:
Leave a Reply
Լրահոս
-
29.09.2020
Մեր Յաղթանակը Այլընտրանք Չունի. Յայտարարութիւն
-
16.09.2020
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Մտաւորական Ընկերներու Հետ
-
11.08.2020
Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ՝ Չարլզ Միշըլի Այցը Հաուըրտ Գարակէօզեան
-
11.08.2020
Հայաստան Հաստատուած Լիբանանահայերուն Ուշադրութեան
-
11.08.2020
Կառավարութիւնը Հրաժարեցաւ. Կը Մնայ Որ Խորհրդարանը Եւս Հրաժարի
-
10.08.2020
Ես Գիտեմ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Վեհափառ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Մամուլի
-
10.08.2020
Սեւրի Դաշնագրին 100րդ Տարեդարձին Առթիւ
-
10.08.2020
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սեւրի Դաշնագիր

