Ախալցխայի Հայկական Դպրոցի Հայատառ Ցուցանակը Պատին Տեղադրելու Արտօնութիւն Չի Տրուիր

Ախալցխայի հայկական թիւ 3 հանրային դպրոցի հայատառ ցուցանակը պատրաստ է եւ կը գտնուի տնօրէնի սենեակին մէջ, սակայն իրաւունք չէ տրուած զայն դպրոցի պատին փակցնելու։ Այս մասին, ըստ «Akhaltskha.Net»-ի, տեղեկացուցած է դպրոցի ուսուցիչներէն մէկը։
Ուսուցիչին տեղեկութիւններուն համաձայն` հայատառ ցուցանակը պատրաստելուն պէս դպրոցի տնօրինութիւնը դիմած է Վրաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան, ուրկէ, սակայն, ստացած է բացասական պատասխան։
Քաղաք Վալէի հայկական 3-րդ հանրային դպրոցի տնօրէն Հռիփսիմէ Յարութիւնեանի խօսքերով՝ իրենք եւս, ըստ օրէնքի, պատրաստ էին փոխելու հին հայատառ ցուցանակը նորով, որուն ընթացքին տեղեկացած են, որ ցուցանակին վրայ կարելի է գրել միայն այնպէս, ինչպէս գրուած է դպրոցի կնիքին վրայ։ Հետեւաբար, ատիկա կը նշանակէ, որ տուեալ դպրոցի ցուցանակին վրայ եւս հայերէն գրութիւն պիտի չըլլայ։
Վերջերս, հայկական ցուցանակը հանուած է նաեւ Մեծ Պամաճ գիւղի դպրոցի պատէն։
Տուեալ խնդիրը կարելի է ըսել, որ կը կրէ համատարած բնոյթ։
Յատկանշական է այն փաստը, որ օրինակ Թիֆլիսի հայկական 104 դպրոցին թոյլատրուած է պատին վրացերէնի ու անգլերէնի կողքին փակցնել նաեւ հայատառ ցուցանակ։
Leave a Reply
Լրահոս
-
29.09.2020
Մեր Յաղթանակը Այլընտրանք Չունի. Յայտարարութիւն
-
16.09.2020
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Մտաւորական Ընկերներու Հետ
-
11.08.2020
Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ՝ Չարլզ Միշըլի Այցը Հաուըրտ Գարակէօզեան
-
11.08.2020
Հայաստան Հաստատուած Լիբանանահայերուն Ուշադրութեան
-
11.08.2020
Կառավարութիւնը Հրաժարեցաւ. Կը Մնայ Որ Խորհրդարանը Եւս Հրաժարի
-
10.08.2020
Ես Գիտեմ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Վեհափառ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Մամուլի
-
10.08.2020
Սեւրի Դաշնագրին 100րդ Տարեդարձին Առթիւ
-
10.08.2020
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սեւրի Դաշնագիր

