«Խոստումը» Ֆիլմը Կը Հասնի Իր Նպատակին. Economist-ի Անդրադարձը

Հայոց Ցեղասպանութեան մասին «Խոստումը» ֆիլմը չէ ստեղծուած ֆինանսական մեծ շահոյթ ապահովելու համար, անոր ստեղծման նպատակը լոյս սփռելն է յաճախ անտեսուող պատմական իրադարձութեան վրայ: Ըստ «Արմենփրես»-ի, այս մասին կը գրէ հեղինակաւոր «Economist» պարբերականը:
«Պատմական տրամա ազգային ողբերգութեան մասին` ասիկա այն ֆիլմերէն է, որ Հոլիվուտը կը սիրէ: Սակայն աւելի քան մէկ դար սենարիստներն ու արհեստանոցները (studio) երես դարձուցին այս պատմութենէն»,- կը գրէ լրատուամիջոցը` ներկայացնելով «Խոստումը» ֆիլմը, ուր նկարահանուած են օսքարակիր դերասան Քրիստիան Պէյլը, Օսքար Այզեքը, Շարլոթ լէ Պոնը եւ այլք: Ֆիլմի նկարահանումները հնարաւոր եղան հայ մեծահարուստ Քըրք Գըրգորեանի շնորհիւ, որ ստեղծեց Survival Pictures ընկերութիւնը` նպատակ ունենալով կրթել աշխարհը Հայոց Ցեղասպանութեան թեմայով: «Խոստումը» ֆիլմի նկարահանման գործին մէջ ան ներդրեց 100 միլիոն տոլար:
Ապրիլ 21-էն ցուցադրութեան սկսած ֆիլմը առաջին շաբթուան ընթացքին հաւաքեց ընդամէնը 4,1 միլիոն տոլար, ինչ որ պատմականօրէն ցած եկամուտ է 100 միլիոն տոլարնոց ֆիլմի մը համար: Որոշ մասնագէտներու կարծիքով ալ` ամբողջ աշխարհի մէջ ֆիլմը պիտի հաւաքէ 20 միլիոն տոլար, ինչ որ ձախողութիւն կրնայ համարուիլ ֆիլմին համար: «Սակայն «Խոստումը» չի կրնար դատուիլ միայն տնտեսական չափորոշիչներով, քանի որ Գըրգորեան հետաքրքրութիւն չէ ունեցած ետ ստանալ իր ներդրումը: Թերեւս մենք պէտք չէ դատենք զայն բացառապէս գեղարուեստական չափանիշներով եւս: «Խոստումը» ստեղծուած է լոյս սփռուելու յաճախ անտեսուող պատմական իրողութեան վրայ, եւ նոյնիսկ միջին գնահատականներով գրախօսութեան ու դրամարկղի միջին թիւերու պարագային ալ ան կը հասնի իր նպատակին: Օր մը, երբ Հայոց Ցեղասպանութեան պատմութիւնը պաշտօնապէս վերագրուի, «Խոստումը» ֆիլմը պիտի ունենայ անոր մէջ իր դերակատարութիւնը»,- կ՛եզրափակէ «Economist»-ի մէջ հրապարակուած յօդուածը:
Leave a Reply
Լրահոս
-
29.09.2020
Մեր Յաղթանակը Այլընտրանք Չունի. Յայտարարութիւն
-
16.09.2020
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Մտաւորական Ընկերներու Հետ
-
11.08.2020
Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ՝ Չարլզ Միշըլի Այցը Հաուըրտ Գարակէօզեան
-
11.08.2020
Հայաստան Հաստատուած Լիբանանահայերուն Ուշադրութեան
-
11.08.2020
Կառավարութիւնը Հրաժարեցաւ. Կը Մնայ Որ Խորհրդարանը Եւս Հրաժարի
-
10.08.2020
Ես Գիտեմ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Վեհափառ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Մամուլի
-
10.08.2020
Սեւրի Դաշնագրին 100րդ Տարեդարձին Առթիւ
-
10.08.2020
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սեւրի Դաշնագիր

