• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Պաքուն Իրանի Մէջ Համահայկական Խաղերու Հարցով Բողոքագիր Պիտի Յանձնէ Թեհրանին

19.09.2016   07:50

Պաշտօնական Պաքուն բողոքագիր պիտի յանձնէ Թեհրանին` կապուած Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան մայրաքաղաքին մէջ կազմակերպուած համահայկական խաղերուն Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մասնակիցներու առկայութեան հետ:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրես»-­ը, այս մասին կը տեղեկացնէ ատրպէյճանական haqqin.az­ը:

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Հիքմեթ Գաճիեւը տեղեկացուցած է, որ Իրանի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանութիւնը խնդրի առնչութեամբ Թեհրանին պիտի ներկայացնէ պաշտօնական Պաքուի տեսակէտը:

Համահայկական 48-­րդ մարզական խաղերը Թեհրանի մէջ մեկնարկած են Սեպտեմբեր 13-ին: 48-­րդ շրջանի համահայկական խաղերը նուիրուած են «Ալիք» օրաթերթի 85-­ամեակին, որ Իրանի մէջ տպագրուող երկրորդ ամենահին օրաթերթն է: Այս տարուայ խաղերուն մարզիկներ կը մասնակցին Հայաստանէն, Արցախէն, Լիբանանէն ու Վրաստանէն եւ շուրջ 20 երկիրներու հայկական լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ ու լրագրողներ:

 

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Լրատուութեան գործընկեր