• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Արարատ Լեռը` Հայաստանի Զբօսաշրջական Խորհրդանիշ. Սպանական Լրատուամիջոց

12.09.2016   12:42

Հայաստան` Եդեմական այգիի երկիր: «Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ` կը գրէ անտալուսական ճանչցուած IDEAL պարբերականը` պատմելով Հայաստանի տեսարժան վայրերուն մասին:

«Հայաստանի զբօսաշրջական խորհրդանիշը կը համարուի Արարարտ լեռը, որուն գագաթին, ըստ Աստուածաշունչին, իջած է Նոյի տապանը, ուր եւ, ամենայն հաւանականութեամբ, գտնուած է եդեմական պարտէզը»:

Սպանական լրատուամիջոցը իր ընթերցողներուն կը պատմէ Մատենադարանի, հայկական մանրանկարչութեան, ինչպէս նաեւ Խոր Վիրապի եւ Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան տարածման մասին:

IDEAL կը նշէ նաեւ, որ տարուէ տարի Հայաստան գրաւիչ կը դառնայ յատկապէս եւրոպացի այն զբօսաշրջիկներուն համար, որոնք կը հետաքրքրուին պատմութեամբ, կը սիրեն բնութիւն եւ կը գնահատեն ազգայինը:

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Լրատուութեան գործընկեր