Թուրքիան Յայտ Ներկայացուցած Է Լաւաշը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Ցանկին ՄԷջ Ներառելու Համար

Թուրքիան, Ազրպէյճանը, Իրանը, Խրխզիստանը եւ Ղազախիստանը միասին յայտ ներկայացուցած են ԵՈՒՆԵՍՔՕ` լաւաշը ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան ցանկին մէջ ներառելու համար:
«Բարակ հացի պատրաստութեան մշակոյթը» անունը կրող յայտին վերաբերեալ որոշումը պարզ կը դառնայ՝ Եթովպիոյ մէջ Նոյեմբեր 28-էն Դեկտեմբեր 2 կայանալիք ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան մասին պայմանադրութեան՝ 11-րդ միջակառավարական կոմիտէի ժողովի ժամանակ:
Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան պաշտօնեաները նշած են, որ լաւաշը սերտօրէն կապուած է տեղական աւանդոյթներուն հետ եւ կ’օգտագործուի մշակութային ծէսերու մէջ, կը գրէ ermenihaber.am-ը:
Յիշեցնենք, որ Հայաստան 2013-ին «Լաւաշ. աւանդական հացի պատրաստումը, նշանակութիւնը եւ մշակութային դրսեւորումները Հայաստանի մէջ» անուանումով յայտ ներկայացուցած էր ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ին: Վերջինը Հայաստանի յայտը ներառած էր ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մարդկութեան ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան ներկայացուցչական ցանկին մէջ:
Leave a Reply
Լրահոս
-
29.09.2020
Մեր Յաղթանակը Այլընտրանք Չունի. Յայտարարութիւն
-
16.09.2020
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Մտաւորական Ընկերներու Հետ
-
11.08.2020
Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ՝ Չարլզ Միշըլի Այցը Հաուըրտ Գարակէօզեան
-
11.08.2020
Հայաստան Հաստատուած Լիբանանահայերուն Ուշադրութեան
-
11.08.2020
Կառավարութիւնը Հրաժարեցաւ. Կը Մնայ Որ Խորհրդարանը Եւս Հրաժարի
-
10.08.2020
Ես Գիտեմ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Վեհափառ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Մամուլի
-
10.08.2020
Սեւրի Դաշնագրին 100րդ Տարեդարձին Առթիւ
-
10.08.2020
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սեւրի Դաշնագիր

