Էրտողան Առաջարկած է Պունտեսթակի Թուրք Պատգամաւորներուն Արիւնը Փորձաքննութեան Ենթարկել

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողան չի դադրիր տարբեր հարթակներէ ելոյթներու ժամանակ դատապարտել Գերմանիան՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու հարցով: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը՝ վկայակոչելով թրքական «Անատոլու» լրատուական գործակալութիւնը։
Այս անգամ Թուրքիոյ նախագահը խնդիրի մասին խօսած է Սապահէտտին Զաիմ համալսարանի աւարտական արարողութեան ժամանակ:
«Հէ~յ Գերմանիա, տես նորէն կ՝ըսեմ` նախ եւ առաջ Հոլոքոսթի եւ Նամիպիայի մէջ շուրջ 100 հազար նամիպիացիներ սպաննելու, ոչնչացնելու հաշիւը պիտի տաս»,- ըսած է Էրտողան նշելով, թէ Գերմանիան ամենաքիչը իրաւունք ունէր խորհրդարանին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան շուրջ քուէարկութիւն կազմակերպելու:
Թուրքիոյ նախագահը կրկին յիշեցուցած է իր երկիրին մէջ շուրջ 100 հազար հայ գտնուելու փաստին մասին` նշելով, թէ բոլորը «Հայաստան կ’ուղարկէին, եթէ հայերուն թշնամին ըլլային»:
Էրտողան հրաւիրած է ուսումնասիրելու թրքական արխիւները եւ միայն անկէ ետք իրենց դէմ մեղադրանքներ ներկայացնելու: Ան անդրադարձած է նաեւ Պունտեսթակի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւը թուրքերու կողմէ պատրաստելու փաստին` ըսելով. «Ի՞նչ թուրք: Անոնց արիւնը պէտք է տարրալուծարանային փորձաքննութեան ենթարկել»:
Յիշեցնենք, որ Գերմանիոյ Պունտեսթակը Յունիս 2-ին ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւը, որ ունի «1915 եւ 1916 թուականներուն հայերն ու միւս քրիստոնեայ փոքրամասնութիւնները ցեղասպանութեան յիշատակի եւ ոգեկոչման մասին» անուանումը:
Leave a Reply
Լրահոս
-
29.09.2020
Մեր Յաղթանակը Այլընտրանք Չունի. Յայտարարութիւն
-
16.09.2020
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Մտաւորական Ընկերներու Հետ
-
11.08.2020
Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ՝ Չարլզ Միշըլի Այցը Հաուըրտ Գարակէօզեան
-
11.08.2020
Հայաստան Հաստատուած Լիբանանահայերուն Ուշադրութեան
-
11.08.2020
Կառավարութիւնը Հրաժարեցաւ. Կը Մնայ Որ Խորհրդարանը Եւս Հրաժարի
-
10.08.2020
Ես Գիտեմ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Վեհափառ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Մամուլի
-
10.08.2020
Սեւրի Դաշնագրին 100րդ Տարեդարձին Առթիւ
-
10.08.2020
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սեւրի Դաշնագիր

