• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Ֆրանսիս Պապը Այցելեց Պոլսոյ Մեսրոպ Պատրիարքին

03.12.2014   01:11

Վատիկանի պաշտօնական ռատիոկայանը կը յայտնէ, թէ Նոյեմբեր 30-ին, Թուրքիոյ կատարած իր ուղեւորութեան աւարտին, Ֆրանսիս Պապը այցելած է Պոլսոյ հայկական Սուրբ Փրկիչ հիւանդանոց, ուր 2008-էն ի վեր անկար վիճակի մէջ կը գտնուի Պոլսոյ հայոց Պատրիարք Մեսրոպ Արք. Մութաֆեան։ Ֆրանսիս Պապը յատուկ աղօթք կատարած է հոգեւոր իր եղբօր համար։

Յիշեցնենք, որ Պոլսոյ հայոց պատրիարք Մեսրոպ Մութաֆեան 2008 թուականէն կը տառապի անբուժելի` Ալզհայմըր հիւանդութեամբ եւ անգիտակից վիճակի մէջ կը գտնուի Ստամպուլի Սուրբ Փրկիչ հայկական հիւանդանոցին մէջ: Ան բժիշկներու մշտական խնամքին տակ է:

Հռոմի Պապը Թուրքիա ժամանած էր Նոյեմբեր 28-ին: Ֆրանսիս Պապի օդանաւը ժամանած է Անգարայի “էսենպողա” օդակայան: Մայրաքաղաքին մէջ ան այցելած է Աթաթուրքի դամբարանը, հանդիպումներ ունեցած է նախագահ Ռեճեփ Թայիպ Էրտողանի, ինչպէս նաեւ Կրօնական գործերու նախարարին հետ: Նոյեմբեր 29-ին Ֆրանսիս Պապը մեկնեցաւ Ստամպուլ:

Հռոմի Պապի այցելութիւնը Թուրքիա կայացաւ Պոլսոյ Յունաց Տիեզերական Պատրիարք Բարթուղիմէոսի հրաւէրով: Ֆրանսիս Պապն ու Բարթուղիմէոս պատրիարքը Նոյեմբեր 30-ին Ստամպուլի մէջ միասին պատարագ մատուցեցին: Կաթոլիկ աշխարհի հոգեւոր առաջնորդ Ֆրանսիս Պապը Հռոմի չորրորդ պապն է, որ կ՛այցելէ Թուրքիա:

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Լրատուութեան գործընկեր