• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Հայաստանն Ու Արցախը Կը Մասնակցին “World Travel Market” Զզբօսաշրջային Միջազգային Ցուցահանդէսին

04.11.2014   16:55

Հայաստանի ազգային մրցունակութեան հիմնադրամը հայկական 5 զբօսաշրջային ընկերութիւններու հետ համատեղ Հայաստանը պիտի ներկայացնէ Լոնտոնի մէջ Նոյեմբեր 3-6 տեղի ունենալիք «World Travel Market” զբօսաշրջային միջազգային ցուցահանդէսին: Հերթական անգամ միեւնոյն տաղաւարին տակ պիտի ներկայացուի նաեւ Արցախի World Travel MarketՀանրապետութիւնը: Այս մասին կը տեղեկացնեն Հայաստանի ազգային մրցունակութեան հիմնադրամի հանրային կապերու գրասենեակէնէ:

Ցուցահանդէսի ընթացքինմ միջազգային հանրութեան պիտի ներկայացուին Հայաստանի եւ Արցախի պատմամշակութային եւ քրիստոնէական ժառանգութիւնը ցուցադրող գովազդային նիւթեր եւ քարտէզներ անգլերէնով:

Առաջատար այս ցուցահանդէսին մասնակցիլը նպատակ ունի` խթանելու Հայաստանի եւ Արցախի զբօսաշրջութիւնը եւրոպական շուկային մէջ եւ նպաստելու ներգնայ զբօսաշրջային հոսքերու աճին:

Այս տարի կը նախատեսուի, որ ցուցահանդէսին մասնակցին 186 երկիրներու մօտ 5000 զբօսաշրջային ընկերութիւններ եւ աւելի քան 50 հազար զբօսաշրջային ոլորտի մասնագէտներ:

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Լրատուութեան գործընկեր