Հայաստանի Եւրասիական Միութեան Անդամակցութիւնը Կը Բացառէ Արցախի Հակամարտութեան Լուծման Ռազմական Ընտրանքը

«Արմէնփրէս»ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին, ԱՊՀ երկիրներու հիմնարկի տնօրէն Քոսթանթին Զատուլի ըսած է, որ Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵՏՄ) Հայաստանի անդամակցութիւնը բացառած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան լուծման ռազմական ճանապարհը: «Համաձայնագիրի կնքումը ձգձգուեցաւ, որովհետեւ Ատրպէյճան ճնշումներ կը բանեցնէր Ղազախստանի վրայ, քանի որ լաւ կը հասկանար, թէ Եւրասիական տնտեսական միութեան միանալով՝ Հայաստան նոր մակարդակի պիտի բարձրացնէ իր յարաբերութիւնները Ռուսիոյ եւ ԵՏՄ անդամ միւս երկիրներուն հետ, որոնք նաեւ Հաւաքական ապահովութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) անդամ են, ու պիտի պարտադրեն, որ Պաքուն ընդունի, թէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը կրնայ լուծուիլ միայն խաղաղ միջոցներով», աւելցուցած Զատուլին: Ըստ անոր՝ Հայաստան կրնայ վստահ ըլլալ, որ որեւէ վտանգի պարագային, Ռուսիա անվերապահօրէն պիտի կատարէ ՀԱՊԿ համաձայնագիրով իր ստանձնած պարտականութիւնները:
www.armenpress.am
Leave a Reply
Լրահոս
-
29.09.2020
Մեր Յաղթանակը Այլընտրանք Չունի. Յայտարարութիւն
-
16.09.2020
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Մտաւորական Ընկերներու Հետ
-
11.08.2020
Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ՝ Չարլզ Միշըլի Այցը Հաուըրտ Գարակէօզեան
-
11.08.2020
Հայաստան Հաստատուած Լիբանանահայերուն Ուշադրութեան
-
11.08.2020
Կառավարութիւնը Հրաժարեցաւ. Կը Մնայ Որ Խորհրդարանը Եւս Հրաժարի
-
10.08.2020
Ես Գիտեմ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Վեհափառ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Մամուլի
-
10.08.2020
Սեւրի Դաշնագրին 100րդ Տարեդարձին Առթիւ
-
10.08.2020
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սեւրի Դաշնագիր

