• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Իրաքեան Քիւրտիստանի Հայ Պատգամաւորը Քոպանիի Դէպքերը Կը Նմանցնէ Հայկական Ցեղասպանութեան

10.10.2014   12:25

Իրաքեան Քիւրտիստանի դաշնակցային խորհրդարանի պատգամաւոր, «Նուներէ Էրմենիա» կուսակցութեան անդամ Երուանդ Ամինեան, որ քիւրտ գաղթականներու վիճակին ծանօթանալու համար այցելած է Քոպանիի կից թրքական Սուրուչ գաւառը, Քոպանիի իրադարձութիւնները նմանցուցած է 1915-ի Հայկական Ցեղասպանութեան:

Ամինեան «Ակօս» թերթի թղթակիցին ըսած է, որ Սուրիայէն փախուստ տուած քիւրտ գաղթականները ներկայիս կը բնակին վրաններու կամ խանութներու մէջ եւ դժուար պայմաններ կը դիմագրաւեն: Քրտական խորհրդարանի հայ պատգամաւորին համաձայն՝ տակաւին մօտաւորապէս 5000 հոգի կը սպասէ սահմանի սուրիական կողմը, Թուրքիա անցնելու համար, սակայն Անգարա որոշած է փակել սահմանը:

Ըլլալով Հայկական Ցեղասպանութեան օրերուն Սղերթէն իրաքեան Քիւրտիստան ապաստանած հայ ընտանիքի մը զաւակը՝ Ամինեան պատմած է, որ Քոպանիի իրադարձութիւնները պարզապէս կրկնութիւնն են ցեղասպանութեան:

«Ընտանիքիս կը հարցնէի, թէ հայերը ինչպէ՞ս 100 տարի առաջ փախած են սահմանէն այս կողմ: Այժմ, ինչպէս կը տեսնենք, 100 տարուան ընթացքին ոչինչ փոխուած է։ Այսօր կը տեսնեմ փախուստի ամբողջութեամբ նոյն, կրկնուող պատկերը: Իբրեւ հայ՝ շատ ցաւալի է տեսնել, թէ այսօր ի՛նչ կը կատարուի քիւրտերուն», եզրակացուցած է Երուանդ Ամինեան:

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Լրատուութեան գործընկեր