• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Ազնաւուրը ՀՀ Անկախութեան Տօնին Առիթով Զուիցերիոյ Մէջ Ընդունելութիւն Կազմակերպած է

09.10.2014   23:08

Հոկտեմբեր 6-ին Զուիցերիոյ մէջ ՀՀ դեսպան, Ժընեւի մէջ ՄԱԿ-ի գրասենեակի ՀՀ Մշտական ներկայացուցիչ Շառլ Ազնաւուրի կողմէ Ժընեւի “Ինդըրքոնթինենթալ” հիւրանոցի հանդիսութիւններու սրահին մէջ տրուած է պաշտօնական ընդունելութիւն` նուիրուած ՀՀ Անկախութեան 23-րդ տարեդարձին: Այս մասին կը հաղորդէ ՀՀ ԱԳՆ լրատուական ծառայութիւնը:

Ընդունելութեան ներկայ  եղած են Զուիցերիոյ դաշնային օրէնսդիր եւ գործադիր իշխանութիւններու բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, միջազգային կազմակերպութիւններու ղեկավարներ, Ժընեւի քաղաքային իշխանութիւններու ներկայացուցիչներ, Ժընեւի ՄԱԿ-ի գրասենեակի եւ Պեռնի մէջ հաւատարմագրուած բազմաթիւ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարներ, Զուիցերահայ համայնքի ներկայացուցչներ:

Իր ելոյթին մէջ դեսպան Ազնաւուրը նշած է, որ 23 տարին փոքր ժամանակահատուած է  երկրի մը եւ ժողովուրդի մը համար, որուն պատմութիւնը հազարամեակներով կը հաշւուի, սակայն Հայաստանի անկախութեան 23 տարիները կը խորհրդանշեն շատ կարեւոր ժամանակաշրջան հայ ժողովուրդի անցեալ երկարամեայ պատմական ուղիին վրայ:

Դեսպանը իր երախտագիտութիւնը յայտնած է Ժընեւի մէջ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան բոլոր կառոյցներուն, Զուիցերիոյ դաշնային եւ կանտոնալ իշխանութիւններուն, Հայաստանի բոլոր բարեկամներուն` անկախութենէն ի վեր Հայաստանին ցուցաբերած գործուն եւ շարունակական աջակցութեան համար:

Երեկոյի ընթացքին հայ եւ զուիցերիացի երաժիշտներէ կազմուած քառեակի կատարումով հնչած են Հայաստանի եւ Զուիցերիոյ օրհներգերը, Արամ Խաչատրեանի, Կոմիտասի եւ այլ հայ երգահաններու ստեղծագործութիւններ:

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Լրատուութեան գործընկեր